«Պէտք Է Կազմել Սեղմ Յանձնախումբ Մը` Ճշդելու Համար Ընտրաշրջաններուն Թիւն Ու Ընտրական Օրէնքին Բնոյթը» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ պէտք է խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերէն կազմել սեղմ յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է ճշդել ընտրական օրէնքին բնոյթը եւ ընտրաշրջաններուն թիւը:

Պըրրի նշեց, որ այդ յանձնախումբը պիտի կազմուի նաեւ այն նպատակով, որ ընտրական օրէնքին մասին արձանագրուած այս աղմուկին վերջ մը տրուի:

Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ մինչ սեղմ յանձնախումբը պիտի զբաղի ընտրական օրէնքին քննարկումով, խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը պէտք է քննարկեն այլ օրինագիծեր:

Ընտրական օրէնքին առումով Պըրրի վերահաստատեց իր այն կեցուածքը, թէ ինք պիտի ընդունի այն օրէնքը, որուն շուրջ քրիստոնեայ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայնութիւն կը գոյացնեն:

Անդրադառնալով Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծին` Պըրրի յայտնեց, որ այդ օրինագիծը կարգ մը կողմերու շահերուն կը ծառայէ եւ ոչ թէ բոլոր քրիստոնեաներուն:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեցին նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս եւ երկրագործութեան ու առողջապահութեան նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ալի Հասան Խալիլ:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանը լիագումար նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ երեքշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2012-ին` ընտրելու համար երկու ընդհանուր քարտուղարներ եւ յանձնախումբի այլ անդամներ:

 

Share this Article
CATEGORIES