«Վարդան Օսկանեան Անընդունելի Դարձաւ Իշխանութիւններուն Համար» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները համոզուած են, որ Վարդան Օսկանեանը դրամներու լուացման յանցանքով մեղադրելը եւ զայն պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելը իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող քաղաքական հետապնդում է:
Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան այս գծով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին համոզում յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազի միջնորդագիրը զուրկ էր իրաւական հիմքէ:
«Ես այստեղ շատ աւելի կը տեսնեմ պարոն Օսկանեանի նկատմամբ որոշ յարձակողական գործողութիւն մը, մարդու մը հանդէպ, որ իսկապէս ընդդիմադիր դիրքերէն յաջողեցաւ հիմնաւորուած քննադատութիւն ուղղել իշխանութիւններու հասցէին: Եւ Վարդան Օսկանեան յաջողեցաւ իսկապէս քննադատութեան այնպիսի նշաձող մը սահմանել, որ դարձաւ անընդունելի իշխանութիւններուն համար», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ դաշնակցական պատգամաւորը:


