Բժիշկներ Զինտ Եւ Ֆրանժի Դասախօսեցին Սրտի Հիւանդութեան Յատուկ Դեղորայքի Գործածութեան Պայմաններուն Մասին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան երէկ` հինգշաբթի, 4 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, յատուկ դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ միութեան կեդրոնատեղիին մէջ` Մար Մըխայէլ, երկաթէ կամուրջին կից:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց միութեան վարչութեան նախագահ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ նախ եւ առաջ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը տոքթ. Բիւզանդ Հալաճեանին:
Ապա ան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան զոյգ դասախօսները` տոքթ. Ռոտոլֆ Ֆրանժի ու տոքթ. Ռոմել Զինտ եւ անոնց ներկայացնելիք նիւթին խորագիրը:
Տոքթ. Ռոմել Զինտ` սրտաբան, աւարտելէ ետք Սեն Ժոզեֆ համալսարանի բժշկական բաժանմունքը, Ֆրանսայի Պորտօ համալսարանին մէջ մասնագիտացած է իբրեւ սրտաբան: Ներկայիս Ժունիէի «Նոթրը Տամ» եւ Աժալթունի Սեն Ժորժ հիւանդանոցներուն մէջ իր բժշկական ծառայութեանց կողքին ան դասախօս է լիբանանեւգերմանական համալսարանին մէջ:
Տոքթ. Ռոտոլֆ Ֆրանժի` սրտաբան, վիրաբուժ, իր մասնագիտական ուսումը կատարելագործած է Պելճիքայի «Լըվան» կաթողիկէ համալսարանին մէջ: Ներկայիս ան Աժալթունի Սեն Ժորժ հիւանդանոցի վիրաբուժութեան բաժանմունքի նախագահն է: Ան եղած է Ժընեւի համալսարանի հիւանդանոցի նախկին խորհրդական:
Նախքան դասախօսները բեմ հրաւիրելը, տոքթ. Էճիտեան Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով ողջունեց Սուրիոյ մէջ գործող եւ այժմ Լիբանան վերադարձած լիբանանահայ բժիշկներ տոքթ. Սարգիս Մազլումեանն ու տոքթ. Զարեհ Մալճեանը:
Ապա շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ տոքթ. Զինտ եւ տոքթ. Ֆրանժի անջատաբար դասախօսեցին սրտի հիւանդութեանց կանխազգուշական միջոցառումներուն եւ գործածուող հիմնական դեղերուն մասին, ինչպէս` «քլոփիտոկրել», «ասփիրին» եւ այլն:
Անգլերէն սահիկներու օգնութեամբ երկու բժիշկները ֆրանսերէնով մանրամասն խօսեցան նշեալ դեղերուն գործածութեան պայմաններուն, վիրաբուժական գործողութեանց յետաձգման կարելիութեանց եւ առհասարակ սրտի հիւանդութեան ու անոր հետեւող բարդութիւններուն (արուեստական գործիքներու զետեղում եւ այլն) մասին: Անոնք իրենց մասնագիտական տեղեկութիւնները հիմնաւորեցին եւրոպական ու յատկապէս ամերիկեան բժշկագիտական պարբերաթերթերու («Քարընթ սթատիզ», «Տը ժըռնըլ աֆ հարթ վալվ տիզիզ»: Անոնք առաւելաբար կեդրոնացան եւրոպական «Ի. Էս. Սի.» եւ ամերիկեան ԱՀԱ միութեանց ցուցմունքներուն վրայ: Զոյգ դասախօսութեանց աւարտին անոնք պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն` արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով:
Իր կարգին, տոքթ. Ռոտոլֆ Ֆրանժի «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով շեշտեց, որ բազմաթիւ այլ պատճառներու կողքին, ծխելը հիմնական պատճառ է սրտի հիւանդութեանց: Ան նաեւ նշեց, որ շնորհիւ կանխազգուշական միջոցառումներուն օրըստօրէ զարգացումին եւ քաղաքացիներու գիտակցութեան ու կանխարգիլման քայլերու որդեգրումին, կարելի եղած է նուազեցնել սրտի տագնապէ մահացողներուն թիւը:

