Պայթում` Պաքու – Թիֆլիս – Էրզրում Կազի Խողովակին Վրայ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կարս նահանգին մէջ պայթած է Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազատարը:

Պայթումին պատճառը տակաւին յստակ չէ: Դէպքի վայրին մէջ կ՛աշխատին թրքական «Պոթաշ» ընկերութեան աշխատակիցները: Անոնք հաղորդած են, որ վերականգնման աշխատանքները պիտի տեւեն երեքէն եօթը օր:

Վերջին անգամ այս կազատարին վրայ պայթում տեղի ունեցած էր 29 մայիս 2012-ին:

Share this Article
CATEGORIES