Հըզպալլայի Մարտիկներու Յուղարկաւորութեան Արարողութիւն
Պաալպեքի Նապի Շիթ շրջանին մէջ գտնուող զէնքի պահեստանոցի մը մէջ զոհուած Հըզպալլայի երեք մարտիկներուն դիակները երէկ յանձնուեցան հողին:
Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Տանի Զըհըննի այցելեց Նապի Շիթի մէջ պատահած պայթումին վայրը եւ ստուգեց դէպքին վայրը` շարունակելու համար բացուած հետաքննութիւնը:
Նապի Շիթի մէջ արձանագրուած այս պայթումին մասին լոյս տեսած մեկնաբանութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, այդ պայթումը բեմականացուած նկատեց` ընդգծելով Հըզպալլայի զէնքին վտանգին տարողութիւնը:
Մինչ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի պատասխանատուներէն, գրեց, որ Իսրայէլ կ՛ուղղուի որդեգրելու Նապի Շիթի մէջ Հըզպալլայի զէնքի պահեստանոցին պայթումը:

