Վարչապետ Միքաթի – Քոնելլի Հանդիպում
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատունէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի հաստատած է, որ սուրիական վարչակազմը պէտք է յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը` աւելցնելով Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը` Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ սուրիական մնայուն ոտնձգութիւններուն գծով:
Քոնելլի շեշտած է նաեւ, որ Սուրիոյ դէմ բռնարարքներն ու վայրագութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուղղակի պատասխանատուութիւնն են:
Ամերիկացի դեսպանը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետը ընդունեց նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անձնական ներկայացուցիչ Խալիլ Քարամը, որուն հետ քննարկեց Քոնկոյի մէջ յառաջիկայ 13-14 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ այդ վեհաժողովին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ վարչապետ Միքաթին:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական հարցերը:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն: