Արժանթինի Մէջ Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Սուրիոյ Տագնապին Անմիջական Լուծում Մը Գտնելու` Հիմնուելով Երկխօսութեան Վրայ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Արժանթինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ տը Քիրչնըրի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Արժանթինի նախագահը կոչ ուղղեց պաղեստինեան պետութիւն մը հիմնելու, ինչպէս նաեւ դատապարտեց միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը, որոնք աշխարհին մէջ տագնապներ կը բռնկեցնեն` զանոնք լուծելու փոխարէն:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց Լիբանանի եւ Արժանթինի միջեւ պատմական եւ ամուր յարաբերութիւնները:
Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ արաբական-լատին ամերիկեան վեհաժողովներուն որոշումներուն` ընդգծելով, որ պէտք է մնայուն կերպով մերժել արաբական երկիրներուն մէջ պաղեստինցիներուն բնակեցումը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին անմիջական լուծում մը գտնելու, պայմանաւ որ անիկա հիմնուած ըլլայ երկխօսութեան եւ համախոհութեան վրայ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Արժանթինի հետ համաձայնութիւն գոյացած է երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ:
Լիբանանի եւ Արժանթինի միջեւ համաձայնութիւններ ստորագրուեցան նաեւ կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան գաղութի հոգեւոր պետերը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանին կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը ձեռք ձգելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման Արժանթինի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ կարգ մը նահանգապետերու հետ, որոնք ծագումով լիբանանցի են:
Նշենք, որ արժանթինեան մամուլին հետ իր հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին` աւելցնելով, որ Լիբանան դէպի Սուրիա զէնքերու ու հրթիռներու իբրեւ մուտք պիտի չծառայէ, իսկ Սուրիա Լիբանանի դէմ հրթիռներ պէտք չէ արձակէ եւ պէտք չէ լիբանանեան հողեր ներխուժէ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիական ազատ բանակի խարիսխներ գոյութիւն չունին:


