2014-ի Մոնտիալ. Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Տոմսերը Կը Ծախուին Բաւական Լաւ Ձեւով

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունենալիք Հայաստան – Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսերը կը ծախուին բաւական լաւ ձեւով:

Կայքէջը կը յիշեցնէ, որ տոմսերը կարելի է գնել հանրապետական մարզադաշտին կիշէէն, ինչպէս նաեւ «Հիումել» եւ «Երեւան Սիթի» վաճառատուները:

Նշենք, որ տոմսերուն գիները որեւէ փոփոխութիւն չկրեցին եւ կը ծախուին հետեւեալ գիներով` 3000, 5000, 7000 եւ 10000 դրամ:

Share this Article
CATEGORIES