Մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Վարժարաններու Անձնակազմերուն. Զմմառու Վանքին Մէջ«Պատկանելիութիւն» Թեմայով Շահեկան Համագումար
Շաբաթ, 29 սեպտեմբեր 2012-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնութիւնները, վարչական պաշտօնէութիւնը եւ բաժանմունքներու պատասխանատուները Զմմառու վանքին մէջ մասնակցեցան «Պատկանելիութիւն» թեմայով համագումարին:
Առաւօտեան պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան: Իր պատգամին մէջ վարդապետը մաղթեց, որ 2012-2013 տարեշրջանը կրթական, ազգային եւ հոգեւոր առումով ծառայէ իր առաքելութեան:
Պատարագէն ետք համագումարի առաջին զեկուցումը փոխանցեց Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, որ ներկայացուց Հայ դպրոցի պատկանելիութեան կարեւոր կռուանները, եւ շեշտեց, որ ընտանիքին, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն կողքին, հայ դպրոցը ունի հայկական եւ հոգեւոր պատկանելիութեան պահպանման գծով իր կարեւոր դերակատարութիւնը: Հայր Կռանեան ըսաւ. «Հայ դպրոցը հայապահպանութեան բնօրրանն է, հայ աշակերտին մէջ հայ մնալու սերմը ցանող լաւագոյն դարբնոցն է»:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբեր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան «Պատկանելիութիւն» բառին ամբողջական իմաստն ու հասկացողութիւնը ներկայացնելէ ետք, յայտնեց, որ հայ կաթողիկէ վարժարանը ունի հայկական պատկանելիութիւն` որպէս ազգային կրթութիւն, քրիստոնէութիւնը` որպէս հոգեւոր կրթութիւն եւ Լիբանանին ծառայութիւնը` որպէս քաղաքացիական պարտականութիւն:
Այնուհետեւ, համագումարին գլխաւոր դասախօսն էր Անթոնին համալսարանի փոխնախագահ եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս տոքթ. Անթուան Եազիժի, որ ներկայացուց հաստատութեան մը նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումն ու գիտակցութիւնը ունենալու ազդակները: Ան շեշտեց, որ հաստատութեան մէջ պաշտօնեան պէտք է ունենայ գործի առողջ, հանգիստ եւ ընդունելի պայմաններ, եւ այս բոլորը կ՛իրականան տնօրէնութիւն-պաշտօնէութիւն փոխադարձ գործակցութեամբ, վստահութեամբ եւ յարգանքով:
Տոքթ. Եազիժի նշեց, որ խմբային աշխատանքը յաջողութեան գլխաւոր գրաւականն է, եւ նշեալ մթնոլորտին մէջ պաշտօնեան առաւել եւ շեշտակի կերպով կ՛ունենայ պատկանելիութեան զգացումը, որ կը նպաստէ գործի զարգացման եւ բնականոն ընթացքի ապահովման: Աւարտին, համագումարին մասնակիցները զրոյցի ընթացքին արտայայտեցին իրենց տեսակէտները եւ հարցումներուն ընդմէջէն դասախօսէն ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

