Կարդալով Լոյս Տեսած Գիրքերը. Վկայարան Հայոց Ցեղասպանութեան

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի յիշատակենք երեք տարի  ետք, բայց հայ ժողովուրդի զաւակները տակաւին նոր յուշագրութիւններ կը հրատարակեն` մոռցուած տող մը իսկ չունենալու համար: Եղեռնէն հրաշքով փրկուածները փոխանցեցին իրենց անպատմելի յուշերը, ով որ կրնար գիրով պատմել իր տառապանքը, լոյսին բերաւ զանոնք: Այս ամէնէն ետք տակաւին ըսողներ կան, թէ Եղեռնին վէպը կամ լրիւ պատմագրութիւնը չէ իրագործուած: Կը թուի, թէ Յարութիւն Իսկահատեան այս հարցերուն մասին մտածած է, եւ զինք մտահոգած է այն իրողութիւնը, որ ցարդ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրուած հրատարակութիւնները պէտք է ամփոփել հատորներու ընդհանուր ժողովածուով, որպէսզի համայնական երեւոյթ ու շօշափելի իրագործում մը յանձնուի պատմութեան` մեր ապագայ սերունդներու առ ի գիտութիւն եւ անմոռանալի աւանդ:

Այս ինքնաթելադրանքով գործի անցած է հայորդի մը` Յարութիւն Իսկահատեան: Ան կարդացած է Եղեռնի յուշապատումներ, հաստափոր թէ մանրապատում էջերով լոյս տեսած հատորներ: Ան նկատի չէ առած յուշագրողին մշակութային կամ գեղարուեստական ինքնութեան մը տէր ըլլալու հանգամանքը: Տեղ տուած է բոլորին, ի մի հաւաքած զանոնք յաջորդական չորս հատորներու մէջ, իւրաքանչիւր հատոր 400-500 էջերով:

Յ. Իսկահատեան կարդացած է ցարդ 250 գիրք: Հայերէն գիրքերու առընթեր` նաեւ օտարալեզու գիրքեր, ոչ հայ գրողներու եւ քաղաքական դէմքերու կողմէ գրառուած: Հատորները պատրաստող Յարութիւն Իսկահատեան չէ գոհացած այդքանով, իր կարգին տեսակցութիւններ ունեցած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած հայ մայրերու հետ` արձանագրելով նաեւ անոնց ապրած օրերու դառն փորձառութիւնները:

Մեր սեղանին վրայ ունինք այս շարքին վերջին հատորը` լոյս տեսած 2012-ին, մեկենասութեամբ Արմէն Յարութիւնեանի: Յիշենք, որ այս շարքին երրորդ գիրքին մեկենասն ալ Արմէն Յարութիւնեանն է: Այս գրասէր եւ բարերար ազգայինին 47-րդ հատորն է, որոնց մեկենասութիւնը ստանձնած է ան` օժանդակելով հայրենի եւ սփիւռքահայ հեղինակներու գրական ստեղծագործութիւններուն լոյս տեսնելուն:

Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած իր յիշած շարքին Ա. եւ Բ. հատորները լոյս տեսած են «Կարպիս Լ. Նազարեան գրական ֆոնտ»-ով:

Ինքնուրոյն մտայղացում մըն է այս, զոր կը նկատենք օգտաշատ, մասնաւորաբար` մեր ապագայ սերունդին: Համայնագիտարան մը գուցէ, իրագործուած տարիներ պահանջող քրտնաջան եւ հետեւողական կեդրոնացումով: Ան ի մի ամփոփած է իր կարդացած գիրքերուն այն մասերը, որոնք կը պատմեն միայն օսմանեան պետութեան կատարած անլուր ցեղասպանութիւնը: Գրադարաններ լեցուցած հատորները այս նոյն թեմայով` կը գտնենք համատեղուած հատորներու մէջ, որոնց վերջին էջերուն արձանագրուած են նաեւ տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերը, պատկեր մը, որ ունի նաեւ ուսուցողական բնոյթ, ինչ կը վերաբերի մեր կորուսեալ ծննդավայրերուն եւ հայրենի քաղաքներուն, գիւղերուն, շէներուն` աշխարհագրական իմաստով:

Յ. Իսկահատեան տակաւին չէ աւարտած իր ծրագրած աշխատանքը: Գրեթէ պատրաստ է եւ մամուլին պիտի յանձնուի շարքին 5-րդ հատորը` ամբողջացնելու համար Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ենթարկուած չարչարանաց պատմութիւնը:

Յ. Իսկահատեան ասպարէզով ճարտարապետ է: Անոր ունեցած հետաքրքրութիւնը հայ ժողովուրդին ցաւատանջ ճակատագրին շուրջ եղած է մղում մը` մոռացութենէ փրկելու Տէր Զօրէն անցած եւ գերեզման չունեցած անմեղ  նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու պարտք մը: Ան կը մտածէ նաեւ օտար լեզուի թարգմանել իր պատրաստած հատորները:

Գնահատելի նախաձեռնութիւն մը, որ արժանացած է նաեւ մտաւորական եւ ժողովրդային ընթերցող դասին քաջալերանքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES