Ըստ Հարցախոյզի Մը Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուներու Առաջին Բանավէճը Աւարտած Է Ռոմնիի Յաղթանակով
Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուներ Պարաք Օպամայի եւ Միթ Ռոմնիի առաջին բանավէճը, ըստ դիտողներուն, աւարտած է հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնիի յաղթանակով:
«Սի.Էն.Էն.»-ի եւ «Օ.Առ.Սի. Ինթըրնեշընըլ»-ի միացեալ հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ առաջին բանավէճին համար Ռոմնիի ի նպաստ արտայայտուած են մասնակիցներուն 67 առ հարիւրը, իսկ Պարաք Օպամայի օգտին` միայն 25 առ հարիւրը:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 61 առ հարիւրին համոզումով` Օպամա աւելի վատ ելոյթ ունեցած էր, քան անկէ կարելի էր սպասել: Իսկ 82 առ հարիւրը համոզուած է, որ Ռոմնի հանդիսատեսներուն ակնկալածէն աւելի լաւ խօսած է:
Բանավէճը տեղի ունեցած էր երեքշաբթի օր` Տենվըրի մէջ: Բանավէճին հիմնական նիւթը տնտեսութիւնն էր: Մասնակիցները քննարկեցին նաեւ հարկային մարզին, առողջապահութեան եւ կրթութեան առնչուող հարցեր:
Թեկնածուներու յաջորդ բանավէճը տեղի պիտի ունենայ 16 հոկտեմբերին, սակայն մինչ այդ, 11 հոկտեմբերին պիտի բանավիճին փոխնախագահութեան թեկնածուներ Ճօ Պայտըն եւ Փոլ Ռայըն:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 6 նոյեմբերին:
Նշենք նաեւ, որ պատկերասփռուած բանավէճին հետեւած են 67 միլիոն դիտողներ, ինչ որ մրցանիշ մը կը նկատուի:


