Թրքական Բանակը 15 Լեռնային Շրջաններ Ապահովական Գօտի Կը Յայտարարէ
«Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակի սպայակոյտը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, «7 հոկտեմբերէն մինչեւ յառաջիկայ 7 յունուար երկրին արեւելեան եւ հարաւային լեռնային 15 շրջաններ քաղաքայիններու մուտքը պիտի արգիլուի»:
Բանակը այդ շրջանները «ժամանակաւոր ապահովական շրջաններ» յայտարարեց, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պատերազմի կամ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատճառով այդ շրջաններ քաղաքայիններու մուտքն ու ելքը կ՛արգիլուի:
CATEGORIES Միջազգային

