«Թեաթրոն» Թատերախումբ. Սուրէն Խտըշեանի Բեմադրութեամբ «Կորսուած Ձայներ» Մենախօսութիւնը Հանդիսատեսին Փոխանցեց Յստակ Պատգամներ

Քսանմէկերորդ դարը, ազատութեան դար ըլլալով հանդերձ, կարգ մը միջավայրերու մէջ ապրող մարդիկ իրենց յոռի բնաւորութեամբ, արտայայտութիւններով ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով երբեմն կը ճնշեն նոր սերունդը, որուն իբրեւ հետեւանք անիկա կը դառնայ երկմիտ, նաեւ կը մատնուի անորոշութեան: Անհատի մը ինքնութիւնը եւ կեանքին մէջ իր ունենալիք դերը, կեանքի ընթացքը այս ձեւով կը խաթարուի: Արդեօք ճի՞շդ է այստեղ նշուած երեւոյթը, կամ կարելի՞ է այս ձեւով կերտել անհատի մը ապագան:

Այս մտորումները ունեցանք, երբ երէկ` կիրակի, 7 հոկտեմբերի երեկոյեան, «Մոնօ» թատերասրահին մէջ  ներկայ գտնուեցանք Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ «Կորսուած ձայներ» մենախօսութեան, որ մեծ հմտութեամբ կատարեց «Թեաթրոն» թատերախումբի դերասաններէն Կարէն Տարագճեան:

Նախքան ներկայացումը ներկաները պաստառի վրայ դիտեցին անհատի մը նախածննդական կազմաւորումի հանգրուանները: Այս տեսանիւթով անձը մօրը արգանդէն աշխարհ եկաւ տարբեր տեսիլքներով եւ կեանքին հանդէպ իտէալական մօտեցումով:

Մենախօսը` Կարէն Տարագճեան, երբ մօրը արգանդէն աշխարհ եկաւ, տեսաւ կեանքի ճնշող երեւոյթները, մարդոց անփոյթ վարուելակերպը, եսասիրութիւնը, ուսուցման ընթացքին կիրարկուող հակամանկավարժական կարգ մը երեւոյթներ. ասոնք բոլորն ալ ներկայացուց իրապաշտ կերպով` հանդիսատեսին յիշեցնելով, թէ այս բոլորը կը խրտչեցնեն անհատը: Ան իր դերասանական իւրայատուկ կարողութեամբ վարպետօրէն մարմնաւորեց իր ծնողքին, ուսուցիչներուն, մանկաբուժին, պատկերասփիւռէն ներկայացուող յայտագիրներու հաղորդավարներուն, թաղին նպարավաճառին, հայոց Մեծն Տիգրան թագաւորին դերերը:

Մենախօսութեան նիւթին` «Կորսուած ձայներ»-ուն ուղղակի եւ անուղղակի պատգամները հանդիսատեսը դրին բացայայտ իրականութեան ճամբուն վրայ, որ որոշ ծիծաղ պատճառելէ բացի ունէր ինքնասրբագրումի պատգամ մը:

Աւարտին Կարէն Տարագճեան հայոց Մեծն Տիգրան թագաւորի կերպարով նշեց կեանքին մէջ պատահող սխալ երեւոյթները եւ պատասխանատուութեան հրաւիրեց ներկաներէն իւրաքանչիւրը` անհատի մը ինքնութեան կազմաւորման նպաստելու եւ ոչ թէ ճնշելու զայն: Ան մենախօսութեան աւարտին վերադարձաւ իր մօրը արգանդը, որովհետեւ աշխարհի մթութիւնը շատ աւելին է, քան մօր արգանդին մթութիւնը:

«Կորսուած ձայներ» մենախօսութեան ընկերակցող երաժշտութիւնը ստեղծեց խորհրդապաշտական մթնոլորտ մը:

Սուրէն Խտըշեան այս մենախօսութեամբ յաջողեցաւ փոխանցել յստակ պատգամ մը հանդիսատեսին. բեմայարդարումի բաժինը լաւապէս նպաստեց կերպարներու ներկայացման: Կարէն Տարագճեանի կատարումը գնահատելի էր եւ իր դերասանական ձիրքերով տիրական ներկայութիւն եղաւ բեմին վրայ:

Բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանին կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ` հայ թատրոնի ծաղկման եւ վերազարթօնքին ի նպաստ:

Կ. Ա.

 

Share this Article
CATEGORIES