ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Եւ ըսաւ անոնց. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս Քրիստոս պէտք էր չարչարուէր ու երրորդ օրը յարութիւն առնէր, Անոր անունով ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ` Երուսաղէմէն սկսած…»:
Ղուկ. 24. 46-47

Եթէ տրամաբանօրէն հասկնալի է, թէ յարութեան իրականութեան համար Տէր Յիսուսի չարչարանքն ու խաչին վրայ մահը անհրաժեշտ էին, միւս կողմէ` դիւրաւ հասկնալի չէ, թէ «պէտք էր» Քրիստոսի յարութիւնը, որպէսզի ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն քարոզուի աշխարհին: Դիւրաւ հասկնալի չէ այս, քանի որ մենք մարդկօրէն հաղորդ չենք Աստուծոյ ծրագիրին եւ նպատակին:

Ապաշխարութիւն եւ մեղքերու քաւութիւն` Հին կտակարանին մէջ եւս կան. Մովսէսի տրուած օրէնքին մէջ յստակ են մեղքի պատարագի եւ քաւութեան նոխազի պարագաները: Հրեաները ասոնք կը գործադրէին իրենց կրօնական պարտաւորութիւններուն շարքին: Սակայն այդ օրէնքներու գործադրութիւնը բաւարար չէր եղած` «Աստուծոյ ժողովուրդ»ը Աստուծոյ ծրագիրին հաղորդ պահելու: Ընդհակառակն` անոնք դարձած էին այլամերժ եւ հպարտացած` Աստուծոյ առջեւ: Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած ղրկեց իր Միածին Որդին. Անոր ծնունդով եւ կեանքով պատրաստուեցաւ մարդկութեան փափաքելի կատարեալ փրկութիւնը, Անոր մահով` խաչին վրայ կատարուեցաւ պահանջուած մշտնջենաւոր պատարագը, իսկ Անոր հրաշափառ յարութեամբ կնքուեցաւ անհրաժեշտ հաշտեցնող քաւութիւնը: Այս պատճառով ալ` առաքեալը համարձակութիւն ունի հրաւիրելու մեզ` ըսելով` «Հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ»:

Ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի, քանի որ քաւութիւնը կատարեալ է. եւ Աստուծոյ հետ հաշտուիլը կարելի է, քան որ հաշտեցնողը կենդանի է յաւիտեան: Ոչ միայն գրուածը կատարուելու համար, այլ նաեւ` ապագայ մարդկութեան առջեւ բանալու համար հաշտութեան դուռը, Տէր Յիսուսի յարութիւնը «պէտք էր»:

Այս տարի թուականներու զուգադիպութեամբ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը եւ մեր ազգային վերապրումի յաղթական յիշատակութիւնը միասին կը տօնենք: Մեր բիւրաւոր նահատակներուն անթառամ յիշատակը, մեր անդարմանելի կորուստներուն, մանաւանդ` պապենական հողի զաւթումին անմոռանալի կսկիծը եւ հատուցման պահանջի անկորնչելի իրաւունքը անիմաստ պիտի ըլլային, եթէ մեր ազգին «փոքր մնացորդին» հրաշալի յարութիւնը իրական չըլլար: Մեզի համար եւս պիտի ըսենք, թէ «պէտք էր», որ յարութիւն առնէինք: Եւ այդ առումով` պէտք է մեզի, որ հաղորդ մնանք մեր ազգին յարութեան եւս. այսինքն` արժեցնենք մեր վերապրումը եւ աշխատինք դարմանել այն ինչ որ կորսուած կրնայ ըլլալ մեզի համար` այն արժէքներէն, որոնց համար մեր նախնիքները նահատակութիւնը ընդունեցին: Արժէքներ, որոնք անխուսափելիօրէն արմատացած են մեր հայրերուն քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային ամէնէն ազնիւ նկարագիրին մէջ: Արժէքներ, զորս եթէ մոռցած ենք, պէտք է վերստին գտնենք եւ մեր կեանքը թարմացնենք անոնց պահպանումով:

Յարուցեալ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսած էր այն բոլոր բաները, որոնք պիտի ըլլային. ապա զանոնք քաջալերած էր` ըսելով. «Ես աշխարհին յաղթեցի»: Իսկ վերջին թշնամին` մահը պարտութեան մատնուեցաւ Անոր յարութեան զօրութեամբ:

Թող մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին յարութեան զօրութիւնը ճանաչելի ըլլայ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ, եւ մենք մահէն անդին` յարութիւն առածներու պէս միշտ ողջունենք զիրար` ըսելով. «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ. ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»:

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

24 Ապրիլ, 2011

 

Share this Article
CATEGORIES