Շէյխ Զուղէյպ Թրքական Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ Արագացնել Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ազատ Արձակումը
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւելու նպատակով, շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ առեւանգուածներու հարազատներուն նեցուկ կանգնելու առաքելութեամբ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զուղէյպ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջեց արագացնել մնացեալ ինը առեւանգուածներուն ազատ արձակումը:
Շէյխ Զուղէյպ շեշտեց, որ պէտք է այլեւս վերջ տալ մարդկային այս ողբերգութեան եւ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ-առողջ վերադարձնել Լիբանան:
CATEGORIES Լիբանանեան

