Պարաք. «Առանց Օդաչուի Օդանաւ Մը Իսրայէլ Ղրկելը Վտանգաւոր Է»
Իսրայէլեան ռատարները անցեալ շաբաթավերջին հարաւային Իսրայէլի վերեւ նշմարեցին օդանաւ մը, որուն տեսակը եւ պատկանելիութիւնը կասկածելի էր: Իսրայէլեան ուժերը անմիջապէս ջախջախեցին օդանաւը. աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, թէ անիկա առանց օդաչուի հետախուզական օդանաւ մըն է:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք երէկ հաստատեց, որ առանց օդաչուի օդանաւ մը Իսրայէլ ղրկելը վտանգաւոր է. ան սպառնաց այդ դէպքին դիմաց լուռ չմնալ:
Պարաք նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը յաջողութեամբ կրցած են վար առնել օդանաւը` աւելցնելով, որ իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կատարելը իրենց համար լուրջ հարց է:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի վերեւ թռիչքներ գործած հետախուզական օդանաւը իրանեան արտադրութիւն է եւ անիկա Կազայի կողմէ չէ եկած, «այլ` Հըզպալլա կրնայ ստանձնած ըլլալ զայն Իսրայէլ ղրկելու պատասխանատուութիւնը»:

