Նալբանդեան. «Լիայոյս Ենք, Որ Վրաստանի Հետ Պիտի Շարունակենք Ամրապնդել Բարեկամական Համագործակացութիւնը»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մեկնաբանած է Վրաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշած է, թէ համոզուած է, որ Վրաստանի մէջ կայացած ազատ եւ մրցակցային խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի նպաստեն դրացի երկրին մէջ ժողովրդավարական արժէքներու հետագայ ամրապնդման, քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու շարունակման` ի բարօրութիւն Վրաստանի եղբայրական ժողովուրդի:
«Վրաստանի հետ Հայաստանին կապում են դարերի խորքից եկող աւանդական բարի դրացիական յարաբերութիւններ: Վրաստանը տունն է բազմահազար վիրահայերի համար, որոնք մեր բարեկամութիւնն ամրապնդող կարեւոր օղակ են: Մեզ յաջողուել է Վրաստանի հետ կառուցել փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած փոխշահաւէտ բարձր մակարդակի միջպետական յարաբերութիւններ եւ լիայոյս ենք, որ շարունակելու ենք համատեղ ջանքերն ուղղուած բարեկամական համագործակցութեան առաւել ամրապնդմանը` ի շահ մեր ժողովուրդների եւ պետութիւնների», ըսած է արտաքին գործոց նախարարը:

