Թուրքիա Հայաստանը Կը Մեղադրէ Շրջանին Մէջ Իրավիճակը Ապակայունացնելու Համար
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը` վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Անգարա խստիւ կը քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքի «Ստեփանակերտ» օդակայանի բացման փաստը եւ կը կարծէ, որ այդ քայլը սադրիչ է, որովհետեւ անիկա «պիտի վնասէ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման»:
Այդ պատճառով ալ Թուրքիա «խստիւ կը դատապարտէ Հայաստանի ապօրինի գործողութիւնները եւ կոչ կ՛ուղղէ հրաժարելու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան ազդել շրջանի կայունութեան վրայ», կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

