Հիւկօ Չաւեզ Վերընտրուած Է Վենեզուելայի Նախագահ
Վենեզուելայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախագահ վերընտրուած է Հիւկօ Չաւեզ` չորրորդ անգամ ըլլալով ստանձնելով նախագահի պաշտօնը:
Չաւեզ հաւաքած է ձայներու 54,4 առ հարիւրը, իսկ անոր հիմնական մրցակիցը, ընդդիմութեան առաջնորդ Էնրիքէ Կապրիլեսը` 45 առ հարիւրը:
Աղբիւրին համաձայն, Վենեզուելայի մէջ ընտրելու իրաւունք ունեցած է շուրջ 19 միլիոն մարդ: Վենեզուելայի ղեկավարութիւնը նշած է, որ մասնակցութիւնը հասած է ցուցանիշ նկատուող չափերու: Առայժմ չկան պաշտօնական տուեալներ, սակայն ոչ պաշտօնապէս դէտերը կը նշեն, որ հաւանական է, որ ընտրութիւններուն մասնակցած ըլլայ ընտրողներուն 80 տոկոսը:
CATEGORIES Միջազգային


