«Մինչեւ Տարեվերջ Հարիրի Պիտի Վերադառնայ Լիբանան» Շեշտեց Ղաթթաս Խուրի

Նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մինչեւ տարեվերջ պիտի վերադառնայ Լիբանան` աւելցնելով, որ կարելի չէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել առանց Սաատ Հարիրիի:

Խուրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը միայն Սաատ Հարիրին է, որ կրնայ ղեկավարել եւ անոր շունչ ներարկել:

Խուրի ընդգծեց, որ մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամէն պարագայի պիտի յաղթեն երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւններուն, ինչ ալ ըլլայ որդեգրուելիք ընտրական օրինագիծը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES