Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Վարդան Օսկանեանին Մեղադրանք Ներկայացուց
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ Վարդան Օսկանեանին մեղադրանք ներկայացուցած է:
Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, ըսած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Արծուին Բաղրամեան` աւելցնելով, որ մեղադրանքը ներկայացուած է առանձնապէս խոշոր չափերու իւրացում կատարելու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած` առանձնապէս խոշոր չափերու նոյնքան գումարի եկամուտները օրինականացնելու համար` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի Ա. կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի Ա. կէտով:
Երէկ, աւելի կանուխ, Վարդան Օսկանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ տեղեկացուցած էր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ցուցմունք պիտի չտայ:
CATEGORIES Հայկական


