Ճատրակ. Սերկէյ Գրիգորեանցի Յաջողութիւնը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Սերկէյ Գրիգորեանց բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով Քազանի մէջ (Ռուսիա) հանդիսացած է երկրորդ` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6.5 կէտ: Ան մրցաշարքը աւարտած է առանց պարտութիւն կրելու:

Տիտղոսին տիրացած է ռուս կրանտմասթըր Պորիս Սաւչենքօ` կէս կէտով գերազանցելով Գրիգորեանցը:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 57 ճատրակ խաղացողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES