Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սարաքա Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Սատաքա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 11-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Հատաֆը:

Պրուս Քաֆէ 5-2 արդիւնքով յաղթեց ներքին ապահովութեան ուժերու խումբին, մինչ Ժամհուր 11-8 արդիւնքով պարտուեցաւ Հալուսիէէն:

Էյ. Եու. Էս. Թի. 8-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թրիփոլի Ֆայհա խումբը, իսկ Էյ. Եու Սի.ի.` տիտղոսակիր Օլ Սփորթցը (4-1):

Share this Article
CATEGORIES