Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: Կը նախատեսուի, որ Ժահժահ հանդիպումներ ունենայ նաեւ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ մաղթեց, որ ընտրական արդի օրէնք մը վաւերացուի նոր սերունդներուն համար:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Իմատ Զէյն բերման գիրեր արձակեց 8 լիբանանցիներու դէմ` Իսրայէլի հետ գործակցելու եւ Իսրայէլ մուտք գործելու յանցանքով: 8 լիբանանցիներէն 7-ն իգական սեռին կը պատկանին, իսկ մէկը` արական:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրներէն, հաղորդած է, որ Հըզպալլա առանց օդաչուի բանող հարիւրաւոր հետախուզական օդանաւեր ունի` աւելցնելով, որ այդ օդանաւերը հրթիռներ կրելու կարողութեամբ օժտուած են:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու մասին կասկածներ չկան, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը պահանջեն կատարել այդ ընտրութիւնները: Միւս կողմէ, Շարպել ընդունեց Դամասկոսի մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Մըքտատի եղբայրը` Հապիպ Մըքտատը: Հանդիպումին ընթացքին Շարպել հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը առեւանգուած իր բոլոր քաղաքացիներուն թղթածրարները կը հետապնդէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ վերջերս Հըզպալլայի շարքերուն մէջ արձանագրուած բոլոր նահատակները զոհուած են Նապի Շիթի մէջ զէնքի պահեստանոցի պայթումին կամ ռազմափորձի ընթացքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն չարտօնելու պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները կը խոստանան Թուրքիոյ դէմ դատական հարց յարուցել Եւրոպայի մէջ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադարձի առումով ճամբու քարտէս մը գծած է արդէն:
ԱՊՊՈՒՏԻԷԻ քաղաքապետ Մոհամետ Մասաումայի յայտնեց, որ Ապպուտիէի սահմանին վրայ կրակոցները կ՛արձանագրուին լիբանանեան կողմէն դէպի սուրիական կողմը եւ ոչ թէ հակառակ ուղղութեամբ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլան` իր զէնքը բանակին չյանձնելու առումով անոր ներկայացուցած պատճառաբանութիւններուն համար: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ երբ Հըզպալլայի շահերուն չծառայող իրականութիւններ կան, ան Պէյրութը կը գրաւէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը, ժողովուրդը եւ սրբութիւնները:

