Օհանեան Մեկնեցաւ Պրիւքսել
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, ուր այսօր պիտի մասնակցի ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած առաքելութիւններուն մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հերթական նիստերուն:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են Սէյրան Օհանեանի հանդիպումները Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի միացեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար, ծովակալ Ճէյմս Սթաւրիտիսի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:
CATEGORIES Հայկական

