Նշմար . Այսօր Կը Սկսի «Նախագահի Աթոռին Համար Պայքարը»

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Այնպէս կը թուի, թէ Լիբանանի ֆետերասիոններուն ընտրութիւններուն մէջ ամէնէն ուժգին պայքարը պիտի ըլլայ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ` նկատի ունենալով, որ ներկայ դրութեամբ նախագահի պաշտօնին համար կը խօսուի չորս անձերու մասին:

Ասիկա կը նշանակէ, որ պիտի կազմուին չորս տարբեր ցանկեր` ընտրելու համար նոր ֆետերասիոնը եւ բնականաբար անոր նախագահը:

Այս առնչութեամբ այսօր` չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2012-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա «ճակատամարտը» բացուած պիտի յայտարարէ, երբ յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար:

Հոս միջանկեալ նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններու թուական ճշդուած է ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ը:

Ապու Ապտալլա, որ տարիներէ ի վեր «կ՛երազէ» այս պաշտօնին տիրանալ, այժմ լաւագոյն առիթը ունի իր այս երազը իրականացնելու համար` ֆետերասիոնին մէջ աւելիով շաղուած ըլլալուն շնորհիւ:

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի այժմու նախագահ Ժորժ Պարաքեթի մասին եւս կը խօսուի, սակայն մինչեւ երէկ ան պաշտօնապէս չէր առաջադրած իր թեկնածութիւնը` Լիբանանի կարեւորագոյն ֆետերասիոններէն մէկուն նախագահի պաշտօնին համար:

Ինչ կը վերաբերի երրորդ անձին` Նեպիլ Հաուաթի, ապա ան թէեւ ցարդ իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած, սակայն Ա. դասակարգի կարգ մը ակումբներ «կը յուշեն» անոր անունը:

Վերջապէս, հրապարակի վրայ է չորրորդ անուն մըն ալ` Թոնի Խալիլ, որ նախապէս եղած է մարզիչ եւ այժմ մարզական լրագրող է:

«Նախագահի աթոռին համար պայքարը», ըստ երեւոյթին, պիտի ըլլայ ակնկալուածէն շատ աւելի «խրթին» եւ զօրաւոր: Անոր ազդանշանը տրուելէն սկսեալ իսկ  «գաղտնի» բանակցութիւնները պիտի ըլլան բաւական աշխուժ` ցանկեր կազմելու համար:

Սակայն չորս անձերու առաջադրելիք թեկնածութիւնը կրնայ իր վատ անդրադարձը ունենալ ակումբներուն վրայ, որովհետեւ անոնք պիտի շուարին, թէ ո՛ր ցանկին մաս պէտք է կազմեն:

Յամենայն դէպս, լիբանանցի մարզասէր հասարակութիւնը, այս պարագային պասքեթպոլի մարզով հետաքրքրուողները, դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալեն ընտրուելիք նոր ֆետերասիոնէն, որուն պարտաւորութիւնն է երկրին շահերը անձնական շահերէն վեր դասել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES