«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ Յակոբ Պալեան, Մարալ Անթոյեան Եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան Խօսեցան «Լեզու, Մշակոյթ Եւ Համացանց» Խորագրեալ Նիւթին Շուրջ

Երիտասարդութեան, ծնողներու եւ յատկապէս լեզուի ու մշակոյթի ապագայով մտահոգ մտաւորականութեան ու ղեկավարութեան դիմագրաւած հրատապ նորագոյն հարցերէն մէկը` համացանցը երէկ առանցքը կազմեց «Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպած ձեռնարկին:

Արդարեւ, երկամսեայ դադարէ մը ետք «Բագին»-ի խմբագրութիւնը երէկ` չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպեց մերօրեայ հասարակաց հետաքրքրութիւնը շահագրգռող դասախօսական երեկոյ մը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, «Բագին»-ի ընթերցման հանդիպումներու երկամսեայ դադարը վերագրեց գլխաւորաբար կամքէ  անկախ պատճառներու, յատկապէս` Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի սուրիահայերու ապրած անբաղձալի, վտանգաւոր կացութեան: Ապա ան ներկայացուց օրուան զրոյցի նիւթին խորագիրը` «գրաւոր, բանաւոր, կիւթենպերկ, թուայնացող խօսք ու գիրք, լեզուներ, մշակոյթ եւ համացանց»: Ներկայացնելէ ետք օրուան բանախօսները` Գրիգորեան խօսքը փոխանցեց օրուան առաջին բանախօս,  «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեանին:

Իր խօսքի սկզբնաւորութեան Պալեան թուեց ու դրուատեց համացանցի առաւելութիւններն ու օգուտները` մարդոց մտաւոր հաղորդակցութեան առումով: «Սակայն հոս լուրջ հարց կայ, պէտք է հակազդել այս երեւոյթի ժխտական երեսներուն, որոնց գծով մտահոգ են մեծ գիտնականներ», շեշտեց Պալեան` իր տեսակէտը հիմնաւորելով Եզովբոսէն ու Սոկրատէն մէջբերումներ կատարելով: Առաւել եւս խորացնելով իր խորհրդածութիւնները` Յակոբ Պալեան անդրադարձաւ Մարիամ Ուոլֆի հեղինակած «Բրուստ եւ Կաղամար» խորագրեալ գիրքին, ուր ան մտահոգ է համացանցի ժխտական հետեւանքներով, յատկապէս` ընթերցանութեան մարզին մէջ: «Մենք չենք ծնած կարդալու համար», եզրակացուցած է Ուոլֆ: Պալեան նաեւ նշեց այլ տեսաբանի մը` Չոմսքիի վարկածը, ուր ան կը խօսի ժառանգականութեան առկայութեան մասին: Անցեալին պատահածը պահպանել, արձանագրել ու ժառանգել: Գրաւոր մշակոյթը անմիջականէն անդին կ՛անցնի, բացատրելիին եւ լռելեայնին միջեւ կապ կը հաստատէ, ինչպէս կը նշէ Ուոլֆ իր «Բրուստեան սկզբունք» բաժինին մէջ: «Սոկրատի մտահոգութիւնը սուր կերպով ներկայ է այսօր», ընդգծեց Պալեան` նշելով, որ ՆՔ 5-րդ դարուն Սոկրատ դէմ էր գիրքին, գրաւորին, սակայն ետդարձ կարելի չէր: «Այսօր, ասիկա (համացանցի երեւոյթը. «Ա.») իրականութիւնէ», շեշտեց Պալեան եւ աւելցուց. «ասիկա ամբողջովին կը կապուի դաստիարակչութեան հարցին, որ իր դերը չի կատարեր: «Մեր պարագային, լեզուի վտանգի հարց կայ, պէտք է նաեւ սերունդ պատրաստել` անմիջականին գերին չըլլալու համար: Պատասխանատուներ, ղեկավարներ պէտք է զբաղին այս հարցով, ներդրում կատարեն: Այս բոլորը կը կարօտին կազմակերպման, աւելին` ղեկավարման: Հայ ժողովուրդը ղեկավարման տագնապ ունի: Ասիկա մամուլին, կրթական մարզին, Հայաստանի կրթական նախարարութեան հարց է: Համակարգիչ, համացանց գործածելու իսկական կազմակերպում պէտք է: Ամբողջ մտայնութիւն մը կայ, որուն դէմ իրապէս պէտք է պայքարիլ: Պայքարիլ, օրինակ` լատինատառ հայերէնի գործածութեան դէմ համացանցին մէջ:

Այլ խօսքով` այս բոլորը կը պահանջեն կազմակերպում, ներդրում եւ ղեկավարում», ընդգծեց Պալեան:

Ապա խօսք առաւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան, որ խօսեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդարանի ձեռնարկած համակարգչային մէկ ծրագիրին մասին` հայկական վարժարաններուն մէջ: Այս ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ այս տարեշրջանին եւ պիտի ընդգրկէ նաեւ հայոց պատմութեան մարզը», ըսաւ Անթոյեան` իր գոհունակութիւնը յայտնելով նշեալ ծրագիրի արդիւնքներուն գծով: «Այս ծրագիրով մենք աշակերտները պիտի մղենք, որ համացանց, համակարգիչ գործածել գիտնան, աղբիւրներ գտնելու ձեւը պրպտեն եւ զանոնք լաւապէս օգտագործել գիտնան», շեշտեց Անթոյեան:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած դասախօսական երեկոյին յաջորդ բանախօսն էր համացանցի եւ համակարգչային գիտութեան մասնագէտ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ փորձեց վեր առնել համակարգիչի ու համացանցի գործածութեան առաւելութիւնները: Շնորհակալութիւն յայտնելով ընձեռուած այս առիթին համար, իր կարգին ան երկրորդեց Յակոբ Պալեանի տեսակէտը, թէ` մշակոյթ մը պահելու համար կարեւոր է պահել ու ժառանգել լեզուն:

Սթիվ Ճոնզի  ու Պիլ Կէյթսի օրերուն պատմական յետադարձ ակնարկով Տէր Խաչատուրեան թուեց համացանցի արհեստագիտութեան թեւակոխած ու նուաճած հանգրուանները, հասնելով թուայնացման այժմու փուլը: Այսօր մարդկային յառաջդիմութեան ու զարգացումի ենթակառոյցի գլխաւոր հիմերը բջիջային հեռաձայնն ու համակարգիչն են, շեշտեց Արծիւ Տէր Խաչատուրեան` թուելով անոնց օգտագործման դրական ներդրումի կարելիութիւնները հայ իրականութեան մէջ: Ան նաեւ խօսեցաւ դիմատետրէն օգտուելու կարելիութիւնները: «Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան

100-ամեակի նշումի սեմին եւ կարելի է հսկայական քարոզչութիւն տանիլ ի նպաստ Հայ դատին` համացանցի միջոցով», ընդգծեց ան:

Ապա, երեք բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES