Մուսուլի Մէջ Ականի Մը Պայթումը Կը Սպաննէ Թալեպանիի Կուսակցութեան Երկու Անդամներ

Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալեպանիի ղեկավարած Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան երկու անդամներ զոհ գացին զիրենք թիրախ դարձնող ականի մը, որ պայթեցաւ Նինուէ նահանգի Թելաֆր շրջանին մօտ:

Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան գրասենեակը` վկայակոչելով Նինուէի կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ պատասխանատու աղբիւր մը, հաղորդեց, որ ականը լարուած էր Թելաֆր գաւառի Սատա գիւղին մէջ ճամբու մը վրայ եւ պայթած է թիրախ դարձնելով ինքնաշարժը, որ կը փոխադրէր Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան Թելաֆրի կոմիտէի երկու անդամներ, որոնք տեղնուտեղը մահացած են:

Աղբիւրը աւելցուց, որ ապահովական ուժ մը շտապած է պայթումի վայր, որուն շուրջ ապահովական գօտի մը ստեղծած է եւ զոհերուն դիակները դիազննարան փոխադրած:

Share this Article
CATEGORIES