Պըրրի. «Ընտրական Օրէնք Մը Մշակելու Առումով, Ոմանք Կը Փորձեն Ժամանակ Վատնել»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը եւ ընտրական օրէնքին առնչուող հարցեր:

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն ժամանակ վատնել` ընտրական օրէնք մը վերջնական կերպով մշակելու առումով:

Պըրրի հաստատեց, որ պէտք է այսօրուան խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին ընթացքին կազմել սեղմ յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ օրինականացնել ընտրական օրէնք մը:

Պըրրի հաստատեց, որ այդ յանձնախումբին անդամները օրինագիծեր պէտք է վաւերացնեն համախոհութեամբ կամ միասնականութեամբ:

Պըրրի շեշտեց, որ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վաւերացնել ընտրական օրէնք մը` շեշտելով, որ ցարդ ընտրական վերջնական օրէնք մը չկայ, եւ ինչ որ մամուլով կը հրապարակուի, վերջնական չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES