Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները` Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին
Իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ը ճշդեց իբրեւ Լիբանանի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն թուականը: Այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սանթրալի վարժարանին (Ժունիէ) «Օտիթորիոմ» սրահին մէջ երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Ընտրութիւններուն ընթացքին 15 նոր անձեր մաս պիտի կազմեն ֆետերասիոնին:
Որոշուեցաւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը սկսիլ շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2012-ին:
Ֆետերասիոնին ժողովին նախագահ Ժորժ Պարաքեթ ներկաներուն որոշ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ի՛նչ ձեւով յառաջիկայ տարի Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ ախոյեանութիւնը եւ որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ ի՛նչ ձեւով խումբերը կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Իսկ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նատեր Պասմէ ներկաները դրաւ այն մթնոլորտին մէջ, թէ Ռիատի Պէյրութ ի՛նչ ձեւով պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 15-21 հոկտեմբերին:
Ստորեւ կու տանք տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2012
Ժամ դաշտ
Պըժժէ – Ռիատի Պէյրութ 17:00 Սանթրալ
Անդրանիկ Պէյրութ – Շանվիլ 16:00 Տեմիրճեան
Պիպլոս – Մութթահետ 16:00 Պիպլոս
Կիրակի, 28 հոկտեմբեր
Սաժես Պէյրութ – Հուփս 17:00 Ղազիր
Անիպալ Զահլէ – Ամշիթ 17:00 Զահլէ

