Պըրրի Շարունակեց Քննարկել Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր

Սահնաուի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր: Քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ երեսփոխան Սամիր Ժսըր, որ Պըրրիի հետ քննարկեց ընտրական նոր օրէնքը մշակելու առումով միացեալ յանձնախումբերուն աշխատանքին վերաբերող զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES