Նախագահ Սլէյման Ուարտէի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան գերմանական համալսարանի պատասխանատուներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ֆաուզի Ատայմիի: Հանդիպումին ընթացքին Ատայմի նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց համալսարանին առողջապահական, կրթական եւ վարչական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անոր մասնագիտութիւնները ամրապնդելու իմաստով առնուած քայլերը:
Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ լիբանանեան-մեքսիքական պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցան Մեքսիքոյի լիբանանեան գաղութին եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնն ու Մեքսիքոյի մէջ ապրող լիբանանցիներուն կողմէ լիբանանեան դեսպանատան մէջ իրենց անունները արձանագրելու կարեւորութիւնը` ստանալու համար լիբանանեան քաղաքացիութիւնը եւ մասնակցելու 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:


