ԱՄԱՆՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ոգեկոչում եւ մոմավառութիւն` ներկայութեամբ Ամանոսի հայ բնակչութեան:
Ոգեկոչման ձեռնարկին բացման խօսքը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Հրակ Աւետանեան, որ նշեց, թէ թուրքերը երբեք չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին, քանի որ հայերը տոկացին ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ ու գոյատեւեցին` պողպատեայ բռունցքով դէմ կանգնելով բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Աւետանեան հաստատեց, որ Ապրիլ 24-ը միայն ոգեկոչման թուական չէ, այլեւ պահանջատիրութեան` ապահովելու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, հողերու ամբողջականութիւնը եւ նահատակներու արեան գինը: Հրակ Աւետանեան հաստատեց, որ միասնական ուժով կարելի է վերականգնել հայութեան արժանապատուութիւնը:
Ապա Յակոբ Քելուկեան եւ Հրակ Փափազեան տուտուկով նուագեցին հայկական ստեղծագործութիւններ, Սիպէլ Աւետիսեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր հողը» բանաստեղծութիւնը, իսկ Նայիրի Ղազարեան թաւջութակով ներկայացուց դասական երաժշտութիւն մը:
Օրուան պատգամաբերն էր Համբիկ Պիլալեան, որ ըսաւ, թէ հայութիւնը իր քաջարի յեղափոխականներուն շնորհիւ մղեց ազգային ազատագրական պայքար, հերոսաբար կռուեցաւ թշնամիին դէմ, անհաւասար մարտերու ընթացքին ցոյց տուաւ վեհանձնութեան եւ արութեան բազում օրինակներ, պատժեց աւազակներն ու վաչկատուն ցեղախումբերը, ահաբեկեց դաւաճաններն ու լրտեսները եւ զանազան շրջաններու մէջ կազմակերպեց ապստամբութիւններ` փրկելու հայութեան մնացորդացն ու ազգային արժանապատուութիւնը:
Պիլալեան յայտնեց, որ մեր նահատակներուն կտակն էր պահել ու պահպանել հայոց դարաւոր լեզուն, տէր կանգնիլ հարազատ պատմութեան ու բացառիկ մշակոյթին, հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական ու ազգային սկզբունքներուն եւ ամրօրէն կառչիլ արժէքներու ամէնէն վաւերականին` միացեալ հայրենիքին:
Ան ըսաւ, որ այսօր հայութիւնը ունի բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնցմէ են ինքնութեան կորուստը, պատկանելիութեան զգացումի նուազումը, օտարամոլութիւնը, կամքի թուլացումը, մտքի տարանջատումը եւ վերջին տարիներուն հին, բայց նորացուած թրքասիրութիւնը:
Պիլալեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան բարձրաձայն գոչելու «Արեւմտահայաստանը մերն է». ան աւելցուց, որ գրաւեալ հողերուն վերատիրացումը հայ երիտասարդութեան երազանքն է: Իր խօսքը եզրափակելով` Համբիկ Պիլալեան ըսաւ. «Հայութիւնը թուրքին կը հաւատայ այն ատեն միայն, երբ ան ընդունի ամբողջական Հայաստանի ու հայութեան գոյութիւնը»:
Ոգեկոչման հանդիսութեան աւարտին, Սերոբ Յակոբեան ներկայացուց շարք մը ազգային-յեղափոխական երգեր: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Ձեռնարկէն ետք, ներկաները ԼԵՄ-ականներուն առաջնորդութեամբ մոմերով մեկնեցան Տորայի Անկախութեան հրապարակը, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութեան արարողութիւն: