ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Բացառիկ զուգադիպութեամբ մը, այս տարի Քրիստոսի յարութեան տօնն ու Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը կը համընկնէին: Կիրակի, 24 ապրիլ: Ինչպէ՞ս ընել: Ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւսը կարելի էր անտեսել կամ երկրորդական նկատել: Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ կարելի եղաւ յարմարագոյն դասաւորումը կատարել. Ապրիլ 24¬ի առաւօտուն նշել Ս. Յարութեան տօնը, իսկ նոյն օրուան գիշերը կատարել Եղեռնի հսկում. ապա, յաջորդ օրը` մեռելոցին, կազմակերպել աւանդական հանդիսութիւն:
Աւագ շաբթուան յատուկ պատարագներ, պաշտամունքներ կատարելէ ետք, աւանը տարբեր փայլք կը զգենուր. Ս. Զատիկ էր: Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր ոճով նշեց հրաշափառ յարութիւնը Յիսուս Քրիստոսի: Իսկ իբրեւ հաւաքական ձեռնարկ, կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին հրաւէրով, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ մէկտեղուեցան աւանի կրօնական, կուսակցական, միութենական եւ քաղաքապետական խորհուրդին պատասխանատուները` Զատկուան հանդիպումին համար:
Հանդիպումին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Այնթէպլեան: Երեք եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները` Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան¬Հայունի եւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին: Ապա քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան խօսք արտասանեց, իսկ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց կարգ մը վկայութիւններ` Այնճարի կարեւորութեան վերաբերեալ: «Այս գիւղը ինքնանպատակ չէ, այլ` անիկա անհրաժեշտ, կարեւոր միաւոր մըն է հայութեան եւ Հայ դատին համար», հաստատեց ան: Բոլորին խօսքերուն մէջ, բարեմաղթութեանց կողքին, շեշտուող հիմնական նիւթն էր հաւատալ մեր ապագային, հայութեան եւ Այնճարի ապագային ու առաքելութեան:
Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Գոհունակ սրտով մեկնեցան ներկաները` նոյն գիշեր «Հետուիկ» սրահին մէջ հաւաքուելու ժամադրութեամբ:
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան հսկում: ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբին առաջնորդութեամբ, քայլարշաւով մը ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի հսկումի վայրը:
«Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Եւիկ Աշգարեան, որ նշեց, թէ հակառակ 1915-ին հայութեան դէմ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան, թուրքը չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կրցաւ անմիջապէս դուրս գալ իր ընկճուած վիճակէն, ան վերապրեցաւ, եւ «իր ուժերը մէկտեղելով կազմեց պողպատեայ բռունցք մը` ընդդէմ այն բոլոր փոթորիկներուն ու չարագործութիւններուն, որոնք փորձեցին խախտել անոր կեանքի ու ինքնութեան արմատները»:
Խօսելով պահանջատիրութեան մասին` Ե. Աշգարեան ըսաւ. «Յանուն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման, պէտք է պայքարինք: Այո՛, իբրեւ հայ երիտասարդներ, պայքար պէտք է մղենք մեզ անարգողին ու մեզի սպառնացողին դէմ: Ռոստոմի կամքն է, որ մեզ պիտի օգնէ դիմանալու այս պայքարին. Մեր հաւատքն է, որ մեզ անխախտ ու անշեղ պիտի պահէ մեր պայքարի ճամբէն»:
Բացման խօսքէն ետք «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Անի Թասլաքեան եւ Արին Պուրսալեան ասմունքեցին Պ. Սեւակի «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» բանաստեղծութիւնը:
Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս Պարոյր Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ Ապրիլ 24-ին եւ այդ թուականէն առաջ արդէն սկիզբ առած Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան եւ վեր առաւ հայ ժողովուրդի վերապրելու աննկուն կամքը: Ան շեշտեց, որ հայը գիտակցեցաւ միասնակամութեան անհրաժեշտութեան եւ անոր շնորհիւ ան կրցաւ իրականացնել ազատ ու անկախ Հայաստանի տեսլականը եւ յաջողեցաւ կազմակերպել հայկական հզօր սփիւռքը:
Պարոյր Տէր Ղուկասեան նաեւ խօսեցաւ այսօրուան իրականութեան մասին եւ շեշտը դրաւ նորօրեայ պայքարին վրայ` ըսելով. «Մենք չենք կրնար մեզի թոյլատրել սխալներ եւ սայթաքումներ: Պատրաստ պէտք է ըլլանք յարատեւ պայքարի, որպէսզի կարենանք ազգովին հասնիլ մեր ազգային ծրագիրներուն ամբողջական իրականացման: Միեւնոյն ժամանակ պիտի շարունակենք միշտ երախտապարտ, պարտաճանաչ ու կարգապահ քաղաքացիներ մնալ մայրիներու այս երկրին` Լիբանանին, ուր կարելիութիւններ տրուած են մեզի արտայայտուելու մեր մայրենի լեզուով, զարգացնելու եւ ծաղկեցնելու մեր գիրն ու գրականութիւնը, մեր արուեստներն ու մեր մշակոյթը»:
Ան աւելցուց. «Ապրիլ 24-ը մեր նոր սերունդներուն համար սոսկ յիշատակութեան օր մը պէտք չէ ըլլայ, Ապրիլ 24-ը պէտք է ըլլայ մեզ բոլորս համախմբող ու առաջնորդող ուղեցոյց մը մեր համազգային պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ: Մեր ազգային ինքնութեան պահպանումով պիտի կարենանք անբիծ ու անվտանգ պահել մեր հայկականութիւնը:
Բանախօսութեան յաջորդեց նուագ ` կատարողութեամբ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն Րաֆֆի Թասլաքեանի եւ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Լալէ Անտոնեանի, որոնք ներկայացուցին «Զարթի՛ր որդեակ»ը եւ «Զինուորին երգը» : Ապա մասնաճիւղի անդամներէն Նարէ Թազեան սահիկներու ցուցադրութեան կողքին ասմունքեց Կ. Զարեանի «Կոմիտաս վարդապետին» քերթուածը: Ձեռնարկի աւարտին Վրէժ Հաճեան երգեց Արթիւր Մեսչեանի «էլ ոչ մի ողբ» երգը ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց «Ֆայըր ին տը հարթ» նոր երգը , որուն խօսքերը կը պատկանին Արաքսի-Ռիթա Սեֆերեանին, իսկ երաժշտութիւնը` Վրէժ Հաճեանին:
Հսկումի աւարտին ԼԵՄ-ականները վառեցին յաւերժութեան նշանը պատկերող ջահը, իսկ ներկաները այդ ջահէն վառելով իրենց մոմերը քալեցին դէպի Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ պահպանիչով փակուեցաւ հսկումի երեկոն:
* * *
Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30¬ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` դարձեալ «Հետուիկ» սրահին մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք յանձնախումբի անդամ դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան կատարեց հանդիսութեան բացումը` պատշաճ խօսքով մը: Ապա ներկաները հրաւիրեց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու:
Ազգային Յառաջ¬Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի նախակրթարանի երգչախումբը հրամցուց երեք խմբերգ` խմբավարութեամբ Շողեր Պ. Թասլաքեանի. «Հիմի էլ լռենք», «Մենք պէտք է կռուենք եւ ոչ լաց լինենք» եւ «Զարթի՛ր որդեակ»: Փոքր տղոց եւ աղջիկներուն սրտով կատարուած երգերը ջերմութեամբ գնահատուեցան: Ապա Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն միասնաբար ասմունքեցին Քրիստին Աշգարեան եւ Նայիրի Մսըրլեան` Սիամանթոյի «Խեղդամահը»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբերը` Միհրան Ս. Նաճարեան, որ յատուկ կերպով Պէյրութէն հրաւիրուած էր: Երիտասարդ բանախօսը ջերմ ոճով ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Ան ըսաւ. «Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն արեան պատգամին իրականացումը յարաճուն թափով հետապնդելու յանձնառութիւնը աւելի զգալի է այսօր: Այդ պատուէրը չէ փոխուած, բայց անոր կարեւորութիւնը եւ հրատապութիւնը աւելի շեշտուած է տարուէ տարի: Այդ պատգամը կը պատուիրէ երկու բան` նախ հաւատարմութիւն մեր արեան եւ ինքնութեան, ապա պայքար` ի խնդիր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ անկոտրում յանձնառութիւն մեր անտեսուած եւ անժամանցելի ու անսակարկելի իրաւունքներու դատը հետապնդելու»:
Մ. Նաճարեան նշեց, որ այսօր սփիւռքը` իբրեւ Ցեղասպանութեան կենդանի վկան, անոր զոհերուն իրաւունքներուն ժառանգորդը եւ երաշխաւորը, թիկունքը տուած վերանկախացած Հայաստանին, եւ հայկական Եռագոյնը ձեռին, մղելու վրայ է ժամանակի դէմ արշաւին ամէնէն բուռն պայքարը:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարագան տակաւին միջազգային խաղաքարտ է ցեղասպան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու խաղասեղանին վրայ: Հայութեան համար եւս անկարելի բան չկայ ու պիտի չըլլայ: … Անպայման պիտի գայ անկարելի կարծուածը կարելի դարձնող օրը, նման Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան», նշեց ան:
Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն Արփա Այնթապլեանի կողմէ ներկայացուած Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք»ով վերջացաւ յայտագիրը:
Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի պահպանիչով եւ «Հայր մեր»ով կատարուեցաւ ձեռնարկին փակումը:
ԹՂԹԱԿԻՑ