Սինիորան Դրուատեց «Այուպ» Օդանաւի Նուաճումը, Որ Իրանեան Որոշումով Իրականացած Է

Փլամպլի եւ Սինիորա

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ դրուատեց առանց օդաչուի օդանաւ մը Իսրայէլ ուղարկելու Հըզպալլայի նուաճումը` աւելցնելով սակայն, որ այդ քայլին դիմելով Հըզպալլա Լիբանանը կը վերածէ զինուորական գործողութիւններու թիրախի մը:

Սինիորա հաստատեց, որ նման արարք մը Հըզպալլայի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701  բանաձեւը խախտող քայլ մը կը նկատուի:

«Սէյիտ Նասրալլա ինքնագլուխ կը շարժի եւ պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը ինք կը ստանձնէ` առանց հարցնելու լիբանանեան իշխանութիւններուն ու լիբանանցիներուն կարծիքը եւ նման պատերազմի մը մասնակցելու անոնց պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան:

Սինիորա նշեց, որ Դիմադրութեան կողմէ կատարուած նման արարք մը պատերազմ յայտարարելու համազօր է` աւելցնելով, որ այդ օդանաւը ուղարկելու որոշումը իրանեան է:

Ան շեշտեց, որ այդ արարքը Լիբանանը վերածած է զինուորական տարբեր պատգամներ փոխանակելու հրթիռային մարտկոցի:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:

Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES