ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի (Ժեհթաուի) շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքը հայերէնով արտասանեց Լիւսի Տիւքմեճեան, իսկ արաբերէնով` Արամ Գարատաղլեան: Անոնք նշեցին, որ հայկական հարցը ապագային պիտի յաղթէ եւ պիտի իրականանայ հայութեան մեծ երազը: Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ արդարութիւնը կը հաստատուի, երբ իրաւունքը կը վերադարձուի: Տիւքմեճեան եւ Գարատաղլեան հաստատեցին, որ երիտասարդները Հայ դատին պահակներն են:
Օրուան առաջին պատգամը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ 96 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը պետականօրէն իրագործեց ծրագրուած ոճիր մը, որուն նախադէպը չկար համաշխարհային պատմութեան մէջ:
Քոչարեան հաստատեց, որ պէտք չէ թոյլ տալ նմանօրինակ ոճիրներ, եւ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի վերականգնի պատմական արդարութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ռիթա Աստիկեան, որ ջութակով նուագեց Կոմիտասի եւ Կլաքի ստեղծագործութիւններէն:
Երկրորդ պատգամաբերն էր Աւետիս Կիտանեան, որ արաբերէնով արտասանուած իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Ապրիլ 24-ը այլեւս արցունք թափելու օր չէ, այլ` պահանջատիրութեան: Կիտանեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը համամարդկային հարց մըն է, որ պէտք է միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան առարկան հանդիսանայ: Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ կարգ մը պետութիւններ պետական շահերէ մեկնած կը մերժեն ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչ որ անընդունելի է: Իր խօսքի աւարտին, Կիտանեան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է իր ներդրումը ունենայ Հայ դատի պայքարին մէջ, որպէսզի մօտիկ ապագային հայութիւնը յարութիւն առնէ:
Ապա Լիւսի Մազմանեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը: Ասմունքին ջութակով ընկերակցեցաւ Ռիթա Աստիկեան:
Երրորդ պատգամը հայերէնով տուաւ Ալեքսան Քէօշկերեան: Ան ըսաւ, որ ճշմարտութիւնը անպայման պիտի յաղթէ: Խօսելով երիտասարդութեան դերին մասին` Քէօշկերեան ըսաւ, որ հայ երիտասարդները պէտք է զինուին գիտութեամբ եւ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներով հակադարձեն թրքական հակաքարոզչութեան ու ապատեղեկատուութեան: Ան ըսաւ, որ «մենք արդարութիւն չենք մուրար, քանի որ իրաւացի ենք»` աւելցնելով, որ մենք խնդրողի վիճակին մէջ պէտք չէ գտնուինք, այլ` հատուցում պահանջողի: Ալեքսան Քէօշկերեան շեշտեց, որ ազգային խնդիրներուն շուրջ միասնականութեան գաղափարը պէտք է դառնայ ազգային ռազմավարութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքաբար յաղթահարել դժուարութիւնները:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Սարգիս Հալլաճեանի (դաշնակ) եւ Մարինէ Հալլաճեանի (ջութակ) Մոցարթի եւ Շոփենի ստեղծագործութիւններու զուգանուագով, որմէ ետք Նայիրա Պաղտասարեան անգլերէնով երգեց նահատակներուն նուիրուած երգ մը:
Հսկումի երեկոյին վերջին խօսքը արտասանեց Լորա Նաանու, որ ըսաւ, թէ ամօթալի է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 96 տարի ետք տակաւին չէ ստացած իր ճանաչումը, եւ մենք լաւապէս չենք ճանչնար հայերը:
Նաանու յայտնեց, որ այս դարուն, անհատական եւ հաւաքական շահերէ մեկնելով արգիլուած է չներկայացնել իրականութիւնը, արգիլուած է լուռ մնալ, քանի որ համայն մարդկութիւնը պատասխանատու է այս բոլորին: Լորա Նաանու աւելցուց, որ հայութեան հարցը իւրաքանչիւր արդարամիտ մարդու խնդիրն է: Ապա Նաանու ներկայացուց քրիստոնէական «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանի դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Արեւմտահայաստան ուխտագնացութիւն-ժապաւէնը: Ան ըսաւ. «Հայութիւնը պատմութիւն մըն է, որ աւարտ չունի»: Լորա Նաանու շեշտեց, որ մամուլը իրականութիւնը հասցնող լոյս մըն է. ան կոչ ուղղեց ներկաներուն զօրակցելու «Թելէ Լիւմիեր»ին` հասարակութեան հասցնելու համար իրականութիւնը:
Նաանուի խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանի դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Արեւմտահայաստան ուխտագնացութիւն-ժապաւէնէն հատուածներ:
Հսկումի երեկոն փակուեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի պահպանիչով: