Տոհայի Մէջ Վարչապետ Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ միօրեայ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար` ընդառաջելով Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հրաւէրին:

Տոհայի մէջ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխանին հետ` ներկայութեամբ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ պետական նախարար Ահմետ Քարամէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը:

Հանդիպումէն ետք, Միքաթի քաթարցի իր պաշտօնակիցին` Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին լիբանանեան-քաթարեան գերագոյն յանձնախումբի միացեալ նիստ մը պիտի գումարուի, Տոհայի մէջ:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ մինչեւ այդ թուականը, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք, տարբեր մարզերու նախարարներուն միջեւ նիստեր պիտի գումարուին:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանը երէկ առաւօտեան Լիբանանի հետ սառեցուած վեց համաձայնագիրներ ստորագրած է:

Իր կարգին, Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի Քաթարի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ նոր ներդրումներ կատարելու եւ երկրին տնտեսութեան նպաստելու առումով:

Ան շեշտեց, որ քաթարցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը քննարկումի առարկայ դարձած է` նկատի ունենալով Լիբանանի ապահովական կացութեան բարելաւումը:

Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի յայտնեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանին զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ Քաթար պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն բարելաւման:

«Քաթար Լիբանանի աջակցելու առումով բարոյական յանձնառութիւն ունի, Տոհայի համաձայնութենէն առաջ եւ անկէ վերջ», ըսաւ Քաթարի վարչապետը:

Վարչապետ Միքաթի երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներէն, յայտնեց, որ յառաջիկայ նոյեմբերին վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք այցելութիւնը տնտեսական շահեր պիտի ապահովէ Լիբանանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES