Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծումը Կը Տեսնեն Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի Հիման Վրայ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը յայտնի է, Ուաշինկթըն խնդիրի խաղաղ լուծման կը զօրակցի: Ան ընդգծած է, որ Սպիտակ տունը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի հիման վրայ լուծման օգտին:

«Ատիկա ազգերու ինքնորոշումն է, ուժի չկիրարկումը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է Մոռնինկսթար:

Դեսպանը նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ սերտ կերպով պիտի համագործակցի` տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES