Պիւֆոն Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն
2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Իտալիա Դանիոյ դէմ (Բ. խմբակ) տեղի ունենալիք մրցումին դաշտ պիտի ներկայանայ առանց իր հիմնական բերդապահին` Ճիանլուիճի Պիւֆոնի, որ նախորդ ուրբաթ օր Հայաստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վնասուածք ստացած էր:
Իտալիոյ մարզիչ Զեզարէ Փրանտելլի Եուվենթուսի բերդապահին փոխարէն դաշտ պիտի ներկայացնէ Մորկան Տէ Սանչիսը (Նափոլի):
Մարիօ Պալոթելլի, որ Հայաստանի դէմ դաշտ չներկայացաւ (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով), այժմ բաւական ապաքինած ըլլալով հաւանական է, որ այսօր դաշտ ներկայանայ:
Այս մրցումը կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ ունին բաւական անուանի եւ փորձառու մարզիկներ:
CATEGORIES Մարզական

