«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ալեքսանտրէթի Սանճաքի Հայութեան Փոխադրութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող սուրիական Ալեքսանտրէթի սանճաքին Թուրքիոյ յանձնումէն եւ վերջնական սահմանագծումէն ետք, շրջանի հայութիւնը բռնեց գաղթի ճամբան: 1939 յուլիսին, քանի մը օրուան ընթացքին Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի, Գըրգ Խանի, Սովուգ Օլուքի, Աթըգի, Պէյլանի եւ Մուսա լերան գիւղերու հայ բնակիչները ձգեցին իրենց դարաւոր բնակավայրերը, տունն ու տեղը, հողերն ու այգիները եւ բռնեցին գաղթի ճամբան:
«Ազդակ» օրը օրին եւ մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ Ալեքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ կցման մանրամասնութիւններուն եւ շրջանէն հայութեան գաղթին:
2 յունիս 1939-ին, «Հայախօս հաթայցիներ» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Սանճաքը կորսուեցաւ ամբողջովին: Հավասի զեկոյցը այնքան որոշ է որ, տեղի չթողուր ոեւէ պատրանքի:
Ալեքսատրէթի մասին արդէն գոյացած է համաձայնութիւնը: Իսկ ատենէ մը ի վեր շարունակուող բանակցութեանց նպատակն է միայն «պահպանել ֆրանսական կարգ մը իրաւունքներ` Սանճաքի մէջ, ինչպէս ֆրանսական հաստատութիւնները, փոքրամասնութիւնները, երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, եւն.»:
Պարզ հայերէնով, հեռագրին իմաստը սա է.
– Ֆրանսա շատոնց հաւանած է կցումին, բայց կ՛ուզէ որ Թուրքիա երաշխաւորութիւն տայ թէ չպիտի փակէ ֆրանսական հաստատութիւնները, չպիտի հալածէ փոքրամասնութիւնները եւ պիտի ապահովէ կարգ մը պահանջներ, որոնք թէեւ յայտնի չեն, բայց ամէն պարագայի երկրորդական են:
Ուրեմն, գլխովին հակադիր կացութիւն մը` բաղդատմամբ 1921-ի վիճակին: Այն ատեն, Ֆրանսան էր սեփականատէրը եւ թուրք փոքրամասնութեանց մասին երաշխիք տուողը: Այսօր` Թուրքիան տիրացած է այդ դիրքին:
Փարիզ յարգեց իր խոստումը, եւ դժբախտաբար չափէն աւելի: Առանց այդ անսահման ազատութեան, որ յատկանիշն է ֆրանսական վարչաձեւին, թուրքը երբեք պիտի չկրնար այդքան սանձարձակ շահագործել կացութիւնը եւ կցումի վերածել փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան անմեղ տրամադրութիւն մը:
Անգարան ալ պիտի յարգէ՞: Միամիտ պէտք է ըլլալ, հաւատալու համար: Մէջտեղն է մայր հայրենիքի օրինակը` ամէն տեսակէտով: Ոչ միայն անխնայ փակեցին ֆրանսական վարժարաններն ու ընկերութիւնները, այլ եւ հայհոյեցին անդուռն բերանով, երբ պատահական թղթակիցներ համարձակեցան տրտնջալ թեթեւ մը: Այսպէս, երբ Մաթէնի աշխատակից Հանրի Քորտալ կը հրատարակէ Փէռ Իւմպէրի հետ իր տեսակցութիւնը, որմէ երեւան կու գար թէ Գոնիայի ֆրանսական վարժարանին 120 ապակիները կոտրուած են եւ ի վերջոյ դպրոցն ալ փակուած, Իգտամ կը փութար «յիմար» կոչելու այդ վարդապետը, անոր հետ նոյն վկայութիւնը տուող Սէօռերն ալ` «մէկ երկու ապուշ ֆրանսացի կին»: Եւ այսքանով ալ չգոհանալով, կը թափէր բուն մաղձը.
«Եթէ այդ վարդապետը անհանգիստ կ՛ըլլայ մեր աշխարհիկ ըմբռնումէն, զինքը բռնի վար դնող չկար: Կրնայ երթալ հոն` ուրկէ եկած է: Աւելի ճիշդ` հոն ուրկէ ժամանակին իբրեւ Սեւ ագռաւ թռցուցին զիրենք դէպի Թուրքիա» (Իգտամ, 21 օգոստոս 1929):
Բայց կոճկենք երաշխաւորութեան մասը, որ վերջ ի վերջոյ մեզի չի պատկանիր, եւ բանանք հայկականը` ամէնէն ցաւոտը:
Նոր բանակցութիւնները, որոնք պիտի վերջանան եղեր այս շաբթու – եթէ երբեք չեն վերջացած արդէն – նկատի ունի նաեւ «փոքրամասնութիւններ»ը, որոնց մէջ մեծամասնութիւն են հայերը, չհաշուելով ալեւիները, իբրեւ «Էթի թուրք»:
Տրուելիք հաւատալիքները անշուշտ պիտի ըլլան «դաշնագրային», այսինքն թուղթէ: Արդ, թուրքը ե՞րբ կատարած է իր այս կարգի յանձնառութիւնները, որ պիտի կատարէ ասկէ վերջ: Մէջտեղն է Լօզանը իր ողբերգական տեսարաններով:
Բայց ինչո՞ւ երթալ մինչեւ Զուիցերիա, երբ քթին տակ կը գտնուի «ասիական Զուիցերիան», այն զոր «դրախտ»ի վերածած են «Հաթայ» անունով:
Այս պարագային ալ չքննենք գործնական կացութիւնը, որքան ալ ըլլայ անպարտկելի ու աղաղակող: Այո՛, չտեսնելու զարնենք նոյն իսկ «խոհեմ» մականուանեալ դասը, որ ամիսներով հաւատաց եւ հաւատացնել փորձեց թէ թուրքը փոխուած է, բայց ահա կը փախի լեղապատառ, յաճախ լքելով աչքի լոյսն ալ` սեփական ինչքը: Միայն նայինք, թէ թուրքերը ի՞նչ կը գրեն ճերմակի վրայ սեւով:
Ահա Անտիոքի կիսապաշտօնական օրկանը` Ենի Կիւն: Երկու առիթով կը խօսի հայերու մասին, պարծանքով կը յիշէ թէ «Էքսէլանս» Թայֆուր մօտէն հետաքրքրուած է պիթիասցիներու պահանջներովը, եւ ստացած անոնց «երախտագիտութիւն»ը, որուն կը փութայ աւելցնելու իր ալ «շնորհակալութիւն»ը, «իբրեւ պարտք»: Միաժամանակ լիաշուրթն կը հայհոյէ ծերակուտական Պ. Կօթըռոյի, որ մահացու մեղքը գործած էր ուշադրութիւն հրաւիրելու մեր ազգակիցներու վիճակին վրայ:
Երկու անգամին ալ, սակայն, Ենի Կիւնի բերանը վրայ չերթար «Հայեր» ըսելու, այլ շարունակ զանոնք կը կոչէ «Հայախօս հաթայցիներ» (Էրմէնիճէ գօնուշան հաթայլըլար):
Կը տեսնէ՞ք ողբերգութիւնը: Փոխանակ Պ. Կօթըռոյի պատասխանելու թէ սանճաքի հայերը աւելիով կը վայելեն փոքրամասնութեանց յատուկ իրաւունքները, թէ ասկէ վերջ աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի ստանան զարգացնելու իրենց մշակոյթը – ինչպէս ամիսներ առաջ կը յուսար Պ. Չօպանեան – ամենայն պաղարիւնութեամբ կը պատգամէ.
«Երեսփոխան Իսա Գազանճեան, իբրեւ ամէնէն իրաւասու անձնաւորութիւնը յանուն հայախօս հաթայցիներու, աւելի առաջ տուաւ արդէն հարկ եղած պատասխանը» (Ենի Կիւն, 26 մարտ 1939):
Այսինքն բացէ ի բաց կը խոստովանի, թէ իրենք արդէն ճերմակ ջարդի ենթարկած են հայերը, բոլորովին ջնջելով անոնց ազգային գոյութիւնը: Ուղղակի արմատին իջեցնելով կացինը:
Ասիկա ալ շատ արդարօրէն: Չէ՞ որ,
«Այսօր չէ մնացած մէկ հատիկ անձ իսկ, որ չգիտնայ թէ հայերը կը սերին թրքական ցեղէն» (Ենի Կիւն, 29 մայիս 1939)»:
* * *
15 յուլիս 1939-ին, «Ճեպել Մուսայի հայերուն փոխադրութիւնը սկսաւ», խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Թերթը մամուլին յանձնելու պահուն մեր Լաթաքիոյ թղթակիցէն ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Ճէպէլ Մուսայի հայութեան փոխադրութիւնը սկսաւ: Վաղը` շաբաթ առաւօտ Թարթուս ցամաք պիտի ելլէ առաջին կարաւանը: Հետզհետէ պիտի հասնին նոր կարաւաններ, բոլորն ալ ծովու ճամբով: Թարթուսի մէջ պատրաստուած են մասնաւոր ապաստանարաններ եւ վրաններ, որոնց մէջ կարճ ատեն մը պիտի մնան Ճէպէլ Մուսայի մեր հայրենակիցները եւ յետոյ պիտի փոխադրուին Լիբանան, հաստատուելու համար երկրագործական շրջաններ:
Ֆրանսական կառավարութիւնը, որ կը հոգայ փոխադրութիւնը Ճէպէլ Մուսայի հայութեան, այս առժամեայ կայանի մէջ պիտի հոգայ նաեւ մեր հայրենակիցներու սնունդը:
Քեսապի շրջանին մէջ կատարուած քննութիւնները ցոյց տուին որ հազիւ 200 ընտանիք կարելի է տեղաւորել հոն: Բ. Քօմիսէրի Լաթաքիոյ պատուիրակը պիտի զբաղի այդ խնդրով եւ Անտիոքէն, Ալեքսանտրէթէն ու Գըրգ-Խանէն եկող գաղթականներէն 200 ընտանիք միայն պիտի տեղաւորէ Քեսապի շրջանին մէջ:
Վերջին պահուն Սանճաքէն եկող ճամբորդ մը կը պատմէ թէ խուճապը սաստկացած է եւ բոլոր ոչ-թուրքերը` հայ, յոյն եւ արաբ պատրաստուած են մեկնելու»:
* * *
Նոյն` 15 յուլիսի թիւով, «Խուճապ»` Սանճաքի մէջ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Հալէպէն կը հաղորդեն մեզի, յուլիս 13 թուականով.- Արժանահաւատ ճամբորդներ շատ գէշ կը նկարագրեն Սանճաքի կացութիւնը: Քանի օր կ՛անցնի, այնքան աւելի կը սաստկանայ խուճապը: Կը մեկնին ոչ միայն հայերը, այլ եւ բոլոր քրիստոնեաները, արաբները եւ նոյնիսկ ալեւիները: Այսպէս, միայն Քեսապ մեկնած յոյն ընտանիքներուն թիւը 50-ի կը հասնի: Մեկնողներուն մէջ կան այնպիսիներ, որոնք ճանչցուած էին իբրեւ թունդ թրքասէրներ: Կոպիտ իրականութիւնը չուշացաւ անոնց ալ աչքը վախցնելու եւ տարագրութեան ցուպը բռնել տալու:
Անկարելի է առանց յուզումի դիտել պարզուած տեսարանը: Ահա երբեմնի շէն Ալեքսանտրէթը: Կիներ ու տղաք փողոց իջած են եւ մէկ-մէկ առարկայ բռնած կը պոռան մունետիկներու նման.
– Պունու ալան եօ՞գ մու (ասիկա առնող չկա՞յ):
Բայց ո՞վ կ՛առնէ երբ խիստ հրաման կայ չառնելու, երբ թուրքը գիտէ թէ բոլորը պիտի առնէ ձրի: Կ՛առնեն միայն մանիֆաքթիւրը, ի հարկէ շատ զեղչուած գիներով: Աչքբաց մարդիկ, բազմաթիւ վաճառականներ եկած են Թուրքիայէն եւ անդադար կը գնեն, որովհետեւ, հակառակ գիներու բարձրացումին, մանիֆաքթիւրը դեռ շատ աժան է, բաղդատմամբ Թուրքիոյ գիներուն:
Գալով կալուածներուն, օրէնքով ազատ է վաճառումը: Գործնականին մէջ, սակայն, շատ խիստ արգելք մը կայ: Այսպէս, կը համաձայնիս թուրքի մը հետ, ի հարկէ մէկ քառորդ գինով, բայց երբ կարգը կու գայ վճարման, յանկարծ կը տեսնեն մարդը կը հրաժարի: Ինչո՞ւ, Հալք Էվին բաներ մը փսփսացած է ականջին…: Երբեմն ալ ուղղակի կը սպառնան գնորդներուն:
Այս պատճառով, շատերը կը մեկնին լքելով իրենց կարասիները: Օրինակ` Քեսապ ապաստանած յոյները: Բուն արտագաղթը պիտի սկսի յուլիս 23-էն անդին, որովհետեւ մեծամասնութիւնը զուրկ է միջոցներէ եւ ֆրանսական իշխանութիւնը միայն այդ թուականէն յետոյ պիտի օգնէ պաշտօնապէս: Հիմակուընէ մէկ միլիոն ֆրանք ղրկուած է, կէս միլիոնը` Անտիոք, կէսը` Լաթաքիա: Կազմուած են նաեւ մէկ բժիշկէ եւ քանի մը հիւանդապահներէ բաղկացեալ ֆրանսական մարմիններ, սահմանին վրայ գաղթականները բժշկական քննութեան ենթարկելու համար:
Կ՛ըսուի թէ գաղթականները բաժնուած են երկու մասի: Ճէպէլ մուսացիները պիտի փոխադրուին եւ տեղաւորուին, իսկ միւսներուն միայն փոքր գումար մը պիտի տրուի իբրեւ ճամբու ծախք կամ օրապահիկ: Ղրկուած մէկ միլիոն ֆրանքը առաւելապէս երկրորդ դասին համար է:
Ճէպէլ մուսացիները արդէն իսկ կապած են իրենց բեռները, առաջին իսկ հրամանին վրայ մեկնելու համար, միայն 4-5 ընտանիքներ սեփական միջոցներով գացած են Քեսապ:
Բողոք` Քեսապի Գէշ
Սահմանագծման Դէմ
Բայց Քեսապն ալ իր կարգին զերծ չէ հոգերէ, որքան ալ մնացած ըլլայ Սուրիոյ: Այսպէս, շատ գէշ սահմանագծումի մը հետեւանքով, Թուրքիոյ մնացած են Քեսապի լեռները, արօտավայրերը եւ բազմաթիւ արտեր ու ջաղացներ: Այնպէս որ տեղացի հայը պիտի չկարենայ ապրիլ եւ իր կարգին պիտի ստիպուի գաղթել:
Այս վիճակը նկատի առնելով, Քեսապի կողմէ պատուիրակութիւն մը Պէյրութ գնաց եւ հարկ եղած բողոքը ներկայացուց Բ. Քօմիսէրութեան: Միւս կողմէ, բողոքի հեռագիր մը ղրկուեցաւ, Փարիզ ալ հաղորդուելու խնդրանքով:
Չենք գիտեր, թէ ի՞նչ արդիւնք պիտի տայ այս դիմումը, միայն կ՛ըսուի թէ խառն յանձնաժողովը որ պաշտօն ունէր տեղին վրայ ճշդելու սահմանագիծը, չէ կրցած համաձայնիլ եւ թուրքերը Անտիոք մեկնած են, ֆրանսացիներն ալ` Լաթաքիա:
* * *
16 յուլիս 1939-ին, «Սանճաքի հայերու փոխադրութիւնը սկսաւ այսօր եւ պիտի վերջանայ օգոստոսի սկիզբը» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Այս առաւօտ (Շաբաթ), հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ստացանք Անտիոքէն.
«Ալեքսանտրէթին եւ Գըրգ Խանէն վերջ, երէկ շրջան մը ըրի Ճէպէլ Մուսայի հայկական գիւղերուն մէջ: Ամբողջ բնակչութիւնը կազմ ու պատրաստ կարգի կը սպասէ, մեկնելու համար: Արդէն, օրեր առաջ Ճէպէլ Մուսայի հայերը դիմում կատարած էին գնդապետ Գօլէին, խնդրելով յուլիս 22-էն առաջ փոխադրել զիրենք, եւ յայտնելով թէ այլապէս ոտքով պիտի երթան:
Այսօր արդէն սկսաւ փոխադրութիւնը: Ֆրանսական իշխանութիւնը 20-ական քամիոն յատկացուցած է Խտըրպէկ եւ Պիթիաս գիւղերուն, մինչեւ ծովեզերք փոխադրելու համար գիւղացիներու գոյքերը: Յուլիս 17-ին վերջացած պիտի ըլլայ գոյքերու փոխադրութիւնը: Ժողովուրդը քալելով պիտի իջնէ ծով: Երեխաներ, ծերեր եւ կիներ նաւերով պիտի փոխադրուին Թարթուս եւ Պետրուսիէ. իսկ երիտասարդները գիւղերու արջառն ու կենդանիները քշելով պիտի երթան ցամաքէն:
Սանճաքի թուրք կառավառութիւնը օրեր առաջ 60-ի չափ զինուոր տեղաւորած է հայկական գիւղերու մէջ, 30-ը Խտըրպէկի մէջ եւ 20-ը` Եօղուն Օլուգ: Հարցուցի անոնց թէ ինչո՞ւ ղրկուած են հայկական գիւղերը: Տասնապետը պատասխանեց.
– Կարգն ու կանոնը պահպանելու եկած ենք:
Ճէպէլ մուսացիները, սակայն, շատ գէշ ազդուած են թուրք զինուորներու ներկայութենէն եւ առանց խտրութեան բոլորը որոշած են փոխադրուիլ, չտեսնելու համար թուրքին երեսը:
Գնդապետ Գօլէ, որ գրեթէ ամէն օր կը տեսակցի Խադ եպիսկոպոսին հետ եւ տեղեկութիւններ կու տայ արտագաղթի համար ձեռք առնուած միջոցներու մասին, յայտարարեց, թէ ֆրանսական կառավարութիւնը պիտի փոխադրէ այն հայերը, որոնք չեն ուզեր մնալ Սանճաքի մէջ, եւ թէ կարելին պիտի ընէ հայերու հանգիստին ու ապահովութեան համար, եւ թէ վերջապէս հայերուն ծառայելու համար կը մնայ սանճաք:
Կարգադրութիւններ եղած են նաեւ Ալեքսանտրէթի եւ Գըրգ Խանի հայերու փոխադրութեան համար: Առաջինները պիտի փոխադրուին Խտիվիական նաւով մը, ուղղակի Թարթուս, ուրկէ պիտի ղրկուին ուրիշ տեղեր: Իսկ Գըրգ Խանի հայերը քամիոններով պիտի փոխադրուին Հալէպ: Այնպէս որ մինչեւ Օգոստոսի սկիզբը Սանճաքի հայերը փոխադրուած պիտի ըլլան:
Շատ ողբերգական է Ալեքսատրէթի հայութեան վիճակը: Պազարի վերածուած են բոլոր թաղերու հրապարակները: Վաճառքի հանուած են ամէն տեսակ տնական գոյքեր եւ առարկաներ, աւա՜ղ սակայն, գնորդներ չկան: Անմիջապէս յիշեցի 1914-1915 տարագրութեան օրերը: Նոյն տեսարանը եւ նոյն դերակատարները:
Բոլորը պատրաստուած են մեկնելու, բացի կարգ մը տեղացի կալուածատէր եւ հարուստ հայերէն, որոնք ապաւինելով թուրք պաշտօնեաներու բարեկամութեան, որոշած են մնալ Սանճաք: Կան քանի մը հայանուններ ալ որ ստիպուած են մնալ Սանճաք… մտաբերելով անցած մէկ երկու տարուան ընթացքին իրենց կատարած տխուր արարքները:
Աւելցնեմ, որ այս վերջին դասակարգի պատկանող երեք հայեր ալ կան Ճէպէլ Մուսայի Խտըրպէկ գիւղին մէջ, որոնք հաւանաբար չհամարձակին Սանճաքէն դուրս ելլել…:
Հիմա ոմանք պիտի հարցնեն. «Ի՞նչ պիտի ընեն Սանճաքի երեւելի հայ երեսփոխանները, որոնք եպիսկոպոսական ժողովի բեմէն յայտարարեցին, թէ հայերը թրքական ծագում ունին»: Իմացայ թէ Իսա էֆենտին ալ կը պատրաստուի Քեսապ փոխադրուիլ: Միւս երեսփոխանները դեռ որոշած չեն իրենց դիրքերը:
Ֆրանսական զինուորներու մեկնումին մասին շրջան ընող լուրերը սուտ են: Յուլիս 22-ին պիտի մեկնին անոնք, մէկ մասը Քեսապ եւ մէկ մասն ալ` Հալէպ: Նոյն թուականին Քեսապ պիտի փոխադրուին նաեւ Տեղեկատուութեան դիւանի եւ Ապահովութեան սպասարկութիւնները:
Յուլիս 14-ի ֆրանսական տօնը երէկ Անտիոքի մէջ տօնուեցաւ մեծ շուքով: Կատարուեցաւ զինուորական փառաւոր տողանցք մը, որուն մասնակցեցան նաեւ թուրք զինուորներ: Անկէ վերջ, թրքական ուժերու հրամանատարը պատուիրակութեան շէնքը երթալով շնորհաւորեց գնդապետ Գօլէն:





