Ո՛չ… Երկո՛ւքն Ալ «Թրքավարի» Են…

Եթէ Թուրքիա-Սուրիա լարուածութիւնը չսաստկանար, Թուրքիոյ քաղաքական եւ լրատուական բեմերը շատ աւելի լայն տեղ պիտի տային Կիւվենի յայտարարութիւններուն շուրջ սուր բանավէճին:

Թուրք-քիւրտ բախումներու կիզակէտ եւ գլխաւոր մարտադաշտ Տիգրանակերտի ապահովութեան նոր տնօրէնը անցեալ շաբաթասկիզբին ցաւ յայտնած էր այդ բախումներու բոլոր զոհերուն, ներառեալ` քիւրտ զոհերուն համար: Թրքական պետական, քաղաքական եւ լրատուական դաշտերն ու հանրային կարծիքը երկփեղկուեցան եւ թեր ու դէմ կեցուածքներով հանդէս եկան այս յայտարարութեան նկատմամբ:

Բանավէճը դարձաւ իմ ու պաշտօնակիցիս զրոյցին նիւթը:

Ան ըսաւ, որ անսպասելի եւ անակնկալ չէ, որ թուրքը մերժէ մարդկային որեւէ կարեկցանք կամ այլ զգացում, մանաւանդ` հակառակորդի նկատմամբ: Զարմանալին այն է, որ նման մօտեցում կը ցուցաբերէ Թուրքիոյ (տխրա) հռչակաւոր ապահովութեան սպասարկութիւններու մէկ պատասխանատուն, աւելցուց ան, եւ` «ասիկա թրքավայել չէր», եզրափակեց ծիծաղելով: «Քու ըսածդ ալ միջինարեւելքցի հայու վայել չէ», պատասխանեցի պէտք եղածէն աւելի կոշտ շեշետով մը, եւ բացատրեցի…

Թուրքին հետ դարաւոր փորձառութեան տէր հայը, թուրքին քաղցր ու իտէալական «ուվերթիւր»-ներուն յաջորդած եղեռնագործութեանց զոհ հայը, Թուրքիոյ հին ու նոր պատմութեան ծանօթ միջինարեւելքցին, որ վերջերս իսկ ականատես եղաւ Էրտողանի` Սուրիոյ հետ տարիներու սիրաբանութեան յաջորդին, կրնա՞յ անվերապահօրէն, առանց թերահաւատութեան կուլ տալ այս նորագոյն բեմականացումը:

Սուլթանի օրերուն իր բարբարոսութեամբ աշխարհին զարհուրանք պատճառած թրքական ոստիկանութեան աւանդով, գազանները խպնեցնող իր վայրագութեամբ ախոյեանութիւններու արժանացած թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները…

Այդ սպասարկութեան մէջ շրջանային պատասխանատուի պաշտօնին արժանանալու չափ վաստակաւոր սպայ մը…

Թուրքիոյ համար ամէնէն «տաք եւ վտանգաւոր» շրջանին մէջ, այս թէժ ու բախտորոշ օրերուն այդ պաշտօնը ստանձնելու չափ վստահելի պատասխանատու մը…

… Այսքան մարդասիրական, զգայուն եւ փափկանկատ անձ մըն է եղեր. այդ ալ որո՞ւ նկատմամբ. քիւրտերո՛ւն:

Ներողութի՛ւն: Ո՛չ, ներողութիւն չէ՛. այլ` հասկացողութի՛ւն: Հասկցէ՛ք, որ ինչո՞ւ չեմ  կրնար հաւատալ:

Յամենայն դէպս, պոլսահայ մեր պաշտօնակից «Մարմարա»-էն համադրելով մեր ընթերցողներուն ներկայացնենք եղելութիւնը եւ հոլովոյթը` խնդրելով լաւ հասկնալ թուրք պաշտօնատարին բոլո՛ր ըսածները:

Ընթերցողները նաեւ կը հրաւիրենք ի մտի ունենալու շրջանային վիճակն ու Թուրքիոյ կացութիւնը, նաեւ` քրտաբնակ շրջաններու մէջ վերջին ամիսներուն նոր թափ ստացած քիւրտ զինեալներու գործողութիւնները:

Կ՛առաջարկենք, որ ընթերցողները ուշադրութիւն դարձնեն, թէ որո՞նք են Տիգրանակերտի նոր դահճապետին մարդասիրութիւնը պաշտպանող կողմերը, եւ ինչո՞ւ: Առաջին պաշտպանողը իշխանապետներն էին, որոնք շուտով ետդարձ կատարեցին: Ինչո՞ւ: Վերջապէս, ցաւով կը հաստատենք, որ Թուրքիոյ մէջ քիւրտ քաղաքական գործիչները թրքական քաղցագոյն խօսքերով իսկ խանդավառուելէ առաջ «քարին կը զարնեն» զանոնք, եւ թուրքին հետ շատ աւելի զգաստ, վերապահ ու զգուշաւոր են, քան… քան անոնք, որոնք շատոնց սորված պէտք էր ըլլային դարաւոր փորձառութենէն:

Անցնի՛նք «Մարմարա»-ի հաղորդումներուն:

* * *

Թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցներու անցեալ շաբաթասկիզբի հաղորդումներուն մէջ ցնցիչ տեղ ունեցան Տիգրանակերտի նորընտիր ապահովութեան տնօրէն Ռեճեպ Կիւվենի յայտարարութիւնները, որոնք ապահովութեան տնօրէնէ մը սպասուած խօսքեր չէին: Ռեճեպ Կիւվեն ո՛չ միայն ամբողջովին չէր դատապարտեր ՔԱԿ-ի հաշուոյն «լեռ բարձրացած» երիտասարդները, այլ նաեւ կ՛ողբար անոնց ճակատագրին համար: Մարդասիրական մերձեցումով մը, ան կ՛ըսէր, որ ինք կրնար լալ այն երիտասարդին համար, որ լեռ բարձրացած էր, եւ որուն լեռ բարձրանալուն արգելք չէր կրցած ըլլալ:

Լրագրողներու հետ նախաճաշի մը ընթացքին է, որ Ռեճեպ Կիւվեն անցեալ կիրակի յայտնեց այս արտասովոր մտածումները: Ան ըսաւ, որ դեռ 2005 թուականին ըսած էր, որ դուք մարդ չէք, եթէ լերան վրայ սպաննուած ահաբեկիչի մը համար չէք լար: Միւս կողմէ, սակայն, ան ալ կը հաւատար, որ անպայման պէտք է սպաննել այն հրէշ դարձած ահաբեկիչը, որ զէնք մը առած է ձեռքին ու կը սպաննէ` առանց խտիր դնելու մանուկներու, մեծերու կամ կիներու միջեւ: Եթէ այդ ահաբեկիչը չսպաննուի, երկրին մէջ իշխանութիւն չկայ` կը նշանակէ: Ան ահաւասիկ այս երկու հակադիր զգացումներուն միջեւ կը տարուբերի տարիներէ ի վեր, բայց միշտ ալ կը ցաւի, որ ատենին կարելի չեղաւ կանխել այն պայմանները, որոնք պատճառ պիտի դառնային, որ երիտասարդներ լեռ բարձրանան ու զէնք վերցնեն: Ռեճեպ Կիւվեն ըսաւ, որ անցեալը քննադատել չ՛ուզեր, բայց այսօրուան չարիքներուն արմատը անցեալին մէջ է: Ան այսօր ի վիճակի է ըսելու, որ սպաննուած ամէն ահաբեկիչի համար կրնայ լալ: Երանի՜ թէ չըլլային անցեալի այն դժուար շրջանները, որոնք ճամբայ բացին արցունքի ու արեան:

Սովորական երեւոյթ չէ լսել, որ ապահովութեան տնօրէն մը մարդիկը կը հրաւիրէ լալու ո՛չ միայն «նահատակներու», այլ նաեւ` սպաննուած ահաբեկիչներու համար: Ան դիտել կու տայ, որ այդ  ահաբեկիչներն ալ մարդ են, անոնք ալ ունին իրենց ընտանիքները, իրենց սիրելիները, իրենց սէրերն ու երազները: Ի՜նչ մեղք, որ այս աշխարհագրութեան մէջ սկսած ենք արտադրել հրէշներ: Ասոր մէջ բոլորս ալ յանցանքի բաժին ունինք, ըսաւ Ռեճեպ Կիւվեն:

Կիւվեն ունեցաւ ուրիշ հետաքրքրական արտայայտութիւն մըն ալ: Ան ըսաւ, որ միւս ոստիկաններուն օրինակ հանդիսանալու համար պիտի հետեւի քրտերէնի դասընթացքներու:

Կիւվենի այս խօսքերը, թէ սպաննուած ահաբեկիչներուն համար ալ պէտք է մարդկօրէն արցունք հոսեցնել, մեծ ընդվզում պատճառած են «նահատակ» զինուորներու ընտանիքներուն: Մասնաւորաբար ազդու եղած է Ռեճեպ Կիւվենի այս նախադասութիւնը. «Ան, որ սպաննուած ահաբեկիչի մը համար եւս չի լար, մարդ չէ»:

Ուրֆայի Սեւերեկ գաւառակին մէջ Նահատակ ու վիրաւորեալ զինուորներու ընտանիքներու միութեան անդամներ միասնաբար քննադատեցին Ռեճեպ Կիւվենի վերոյիշեալ մարդասիրական արտայայտութիւնը եւ դատական իշխանութիւններու մօտ յանցագործութեան գանգատ յղեցին անոր դէմ: Միութեան նախագահ Եըլմազ Կէօզճիւ ըսաւ, որ Ռեճեպ Կիւվենին արտասանած նախադասութիւնը մեծ ցաւ պատճառած է իրենց ու վերստին բացած է իրենց վէրքը: «Մենք մէկ բան միայն հարցնել կ՛ուզենք Ռեճեպ Կիւվենին, ըսաւ ան,- եթէ մենք մարդ չենք, ուրեմն ի՞նչ ենք»:

Կէօզճու ըսաւ, որ Ռեճեպ Կիւվեն իր վերոյիշեալ արտայայտութիւններով երկրին մէջ նոր քաոս մը ստեղծել կը ջանայ: «Մենք կը պախարակենք զինք ու կը պահանջենք, որ անմիջապէս զրկուի ապահովութեան տնօրէնի պաշտօնէն», ըսաւ Կէօզճիւ:

«Հասկնալի է, որ ապահովութեան տնօրէնին կողմէ մարդասիրաբար արտասանուած խօսքը, ընդհանուր գետնի վրայ ընդունելի ու ծափահարելի ըլլալով հանդերձ, պիտի չընդունուէր նահատակներու ընտանիքներուն կողմէ: Հասկնալի է նոյնպէս, որ ո՛չ մէկ ընտանիքի համար դիւրին է արցունք հոսեցնել իր զաւակը սպաննողներուն համար: Բայց ապահովութեան տնօրէնին խօսքերուն պէտք է նայիլ աւելի լայն տեսանկիւնէ մը եւ այդ խօսքերուն մէջ տեսնել ցաւ մը, թէ ինչո՞ւ այդ ահաբեկիչները հասեր են անմեղ մարդիկը սպաննելու դիրքերուն եւ հարցում մը` թէ կարելի չէ՞ր, որ անցեալին մէջ առնուէին միջոցներ, որպէսզի գործերը հոս հասած չըլլային:

Մնաց որ, նոյն ապահովութեան տնօրէնը իր նոյն յայտարարութեան մէջ ըսած էր նաեւ, որ պետութիւնը պետութիւն չէ, եթէ չի վնասազերծեր այն ահաբեկիչը, որ ձեռքը զէնք մը առնելով` կը սպաննէ իր առջեւ ելած մարդիկը: Ապահովութեան տնօրէնը ըսած էր հետեւեալը. որպէսզի իբրեւ օրինակ ծառայէ միւս ոստիկաններուն, կը հետեւի քրտերէնի դասընթացքներու: Ան քրտերէնով ըսաւ. «Էտի պէսէ» (ա՛լ կը բաւէ)», մեկնաբանեց «Նոր Մարմարա»-ն:

Կիւվենի քրտերէն «էտի պէսէ» (ա՛լ լկը բաւէ) նախադասութիւնը կրկնուեցաւ պետական շրջանակներու կողմէ ալ: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Ահմեթ Այտընն ալ կրկեց, որ ամէն մարզէ ներս «ա՛լ կը բաւէ» կ՛ըսեն: Այտըն ըսաւ, որ Ռեճեպ Կիւվենի յայտարարութիւնը մարդասիրական է, ո՛չ մէկը կրնայ ուրախանալ մէկու մը մահուան դիմաց: Ասիկա հետեւանք է ձուլման քաղաքականութեան մը, որ կիրարկուեցաւ երկար տարիներ: Ահմեթ Այտընն ալ կրկնեց, որ պետութիւնը անշուշտ անտարբեր չի կրնար մնալ մարդասպան ահաբեկիչներուն դիմաց եւ կը մեկուսացնէ զանոնք, բայց հարցը այն է, որ բոլոր մահերը ցաւալի են ու մաղթելի է, որ չըլլային անոնք:

Քիւրտերը Զգուշաւոր

Ռեճեպ Կիւվենի խօսքերը անջատ կերպով մեկնաբանուեցան նաեւ քրտական «Պէ-Տէ-Փէ» կուսակցութեան շրջանակներէն ներս: «Պէ-Տէ-Փէ»-ի համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշ ըսաւ, որ իրենց առաջարկած քաղաքական դրութեան մէջ ապահովութեան տնօրէնները պէտք է կապուած ըլլան քաղաքապետութիւններուն, ապահովութեան տնօրէն Ռեճեպ Կիւվեն կ՛ընդունի՞ կապուիլ ու ենթակայ դառնալ քաղաքապետ Պայտեմիրին (Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետը, Ա.): Այն ատեն է, որ անոր խօսքերը կը յուզեն ու կը խանդավառեն մեզ, այլապէս մենք չենք խանդավառուիր, ըսաւ Տեմիրթաշ:

Սուր գաւառակի քաղաքապետ, «Պէ-Տէ-Փէ»-ցի Ապտուլլա Տեմիրպաշն ալ մեկնաբանեց ապահովութեան տնօրէնին խօսքերը եւ ըսաւ, որ իրենք դրական կը նկատեն այդ խօսքերը, բայց այնքան ատեն որ նմանօրինակ արտայայտութիւններ պետական քաղաքականութիւն չեն դառնար ու կը մնան դիւանակալներու կողմէ արտասանուած դրական խօսք, մեծ արժէք չեն ներկայացներ:

Կիւվենին խօսքերը օրակարգի բերուեցան նաեւ խորհրդարանին մէջ. քեմալական ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն` «Ճէ-Հէ-Փէ»-ի շրջանակներ եւս դիտել տուին, որ ամէն մարդ կը փափաքի, որ այս հողերուն վրայ մարդիկ չսպաննուին, բոլոր մարդերը մեր եղբայրներն են, պետութիւնը ճիգ պէտք է թափէ, որպէսզի փրկէ այն մարդիկը, որոնք յանցագործութեան մը մէջ ինկած են:

Բայց ծայրայեղ աջակողմեան ազգայնապաշտ «Ազգային շարժումի կուսակցութեան` «Մէ-Հէ-Փէ»-ցի երեսփոխանները բոլորովին ալ համակարծիք չէին ապահովութեան տնօրէն Ռեճեպ Կիւվենին հետ: Այս կուսակցութենէն փոխկուսակցապետ եւ Տենիզլիի երեսփոխան Էմին Հալուք Այհան հարցուց. «Ռեճեպ Կիւվեն նահատակ զինուորին համար ի՞նչ կ՛ըսէ, անգամ մըն ալ ասիկա հարցուցէք իրեն»:

Թրքական իշխանաւոր ու ընդդիմադիր այս կուսակցութիւններու գաղջ, դրական կամ վերապահ կեցուածքները երկար չտեւեցին:

Արդարեւ, չորեքշաբթի օր «պետական շրջանակներ դժուարացան մարսելու Կիւվենին անսովոր խօսքերը. երեք կուսակցութիւնները իրարու միացան ապահովութեան տնօրէնին դէմ ճակատ յարդարելու մէջ» «Մարմարա» հաղորդեց, որ Կիւվեն ենթարկուեցաւ Թուրքիոյ ամէն կողմէ, բայց մասնաւորաբար պետութեան գլուխը կանգնած երեք գլխաւոր կուսակցութիւններէ հասնող շանթերու ու պախարակումներու: Ռեճեպ Կիւվեն իսկապէս արտասանեց խօսքեր, որոնք այնքա՛ն ուժեղ կերպով մարդասիրութիւն ու անկողմնակալութիւն ցոլացնելով հանդերձ, կարծես թապու էին հայրենակցի մը, մանաւանդ ապահովութեան տնօրէնի մը բերնին մէջ: Ճիշդ է, որ Ռեճեպ Կիւվեն թէ՛ հանրային կարծիքին մօտ, թէ՛ մամուլի մէջ գտաւ զինք հասկցողներու ու պաշտպանողներու բազմութիւն մըն ալ, բայց միւսներուն ձայնն է, որ աւելի ուժեղ կը հնչէ այս օրերուն ու վերին մակարդակները կարծես լինչի արշաւ մը բացին Ռեճեպ Կիւվենի դէմ: Ռեճեպ Կիւվենը պախարակելու մէջ իրարու միացան վերոյիշեալ երեք գլխաւոր կուսակցութիւնները, որոնք թերեւս առաջին անգամ երեքով ու միաձայնութեամբ նոյն տեսակէտը կը պաշտպանէին ու կը դատապարտէին Ռեճեպ Կիւվենը:

Ռեճեպ Կիւվենի խօսքերուն մէջ երեք բանալի նախադասութիւններ կան, որոնք պէտք է վերլուծուին ուշադրութեամբ: Առաջինը այն մէկն է, որ արդէն նոր չէ, արտասանուեր է 2005 թուականին եւ հիմա դարձեալ կը գործածուի: «Ան, որ լերան վրայ սպաննուած ահաբեկիչի մը համար ալ չի լար, մարդ չէ»: Այս առաջին ցնցիչ նախադասութեան կը յաջորդէ սակայն երկրորդ մը, որուն վրայ եւս պէտք է կանգ առնել առաջինը յիշելու ընթացքին: Ռեճեպ Կիւվեն աւելցուցած է, որ պետութիւնը պետութիւն ըլլալէ կը դադրի, եթէ չսպաննէ այն ահաբեկիչը, որ ձեռքը զէնք մը առնելով` կը սպաննէ իր դիմացը ելլող անմեղ մարդիկը: «Ես այս երկու զգացումներու մէջ տարուբերուեցայ միշտ», ըսած է Ռեճեպ Կիւվեն: Այս երկրորդ նախադասութիւնը անշուշտ շատ կարեւոր է ցոյց տալու տեսակէտէ, թէ ապահովութեան տնօրէնը բոլորովին ալ չ՛արդարացներ լեռ բարձրացած ահաբեկիչը: Իսկ երրորդ նախադասութիւնը, որ կը կարծենք, թէ ամէն խիզախ ու մարդասիրական նախադասութիւնն է, հետեւեալն է. «Նախ ո՛չ թէ հայրենիքը, այլ` մարդը: Նախ մարդը, վերջը` հայրենիքը»: Այս նախադասութիւնը, որ Տիգրանակերտի ապահովութեան տնօրէնի մը բերնին մէջ կը հնչէ, ամբողջովին կը ջրէ «նախ հայրենիքը» (էօնճէ վաթան) ասութիւնը, որ այս երկրին մէջ ամէնէն շատ գործածուած նշանաբանը եղած է առաջին օրէն ի վեր»:

Երեք Կուսակցութիւնները
Ռեճեպ
Կիւվենին Դէմ

Ռեճեպ Կիւվենի խօսքերուն դէմ իրարու հետ միացան երեք կուսակցապետները: Առաջին ձայնը բարձրացաւ «Ճէ-Հէ-Փէ»-ի կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուէն, որ հեռատեսիլէն կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին տուաւ առաջին հակազդեցութիւնը եւ ըսաւ, որ Ռեճեպ Կիւվենի խօսքերը առաջին անգամ մարդասիրական ըլլալ կը թուին, բայց անջատողական բնոյթ ունին եւ այս ժողովուրդին մէջ պառակտում կրնան ստեղծել:

Երկրորդ հակազդեցութիւնը եկաւ վարչապետ Էրտողանէն, որ կուսակցութեան խմբակցութեան նիստի ընթացքին ըսաւ. «Մենք բնաւ չլացինք ու ասկէ վերջ ալ պիտի չլանք մեր զաւակները սպաննող այն ահաբեկչին համար, որ իր կռիւին համար կը սպաննուի լերան վրայ: Մենք մեր տեղը լաւ գիտենք: Ձգեցէք, որ քաղաքագէտը քաղաքագիտութիւն ընէ»:

Երկրորդ ձայնն ալ եկաւ «Մէ-Հէ-Փէ»-ի կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելիէն, որ խորհրդարանին մէջ ըսաւ. «Եթէ մարդ չէ ան, որ ահաբեկիչի մը մահուան համար չի լար, այդ պարագային այս սրահին մէջ մարդ չկայ»: Պահչելի այս խօսքերով պահանջեց, որ Ռեճեպ Կիւվեն անմիջապէս զրկուի ապահովութեան տնօրէնի պաշտօնէն:

Այս պախարակումներուն առընթեր, մամուլին մէջ կան անշուշտ յառաջապահ սիւնակագիրներ, որոնք կը պաշտպանեն Ռեճեպ Կիւվենը` ըսելով, որ պէտք է ճիշդ հասկնալ անոր խօսքերը, մանաւանդ` այն մէկը, որով ան ըսած էր, որ ինք կը տարուբերի երկու մտածումներու միջեւ: Յատկանշական են գործածուած խորագիրները: Յիշենք երկուքը միայն («Ռատիքալ»):

«Վայ, դո՞ւն ես, որ «նախ մարդը, վերջը հայրենիքը» ըսիր» (Ճիւնէյթ Էօզտեմիր):

«Կախաղան հանելէ առաջ մտիկ ըրէք» (Էյիւպ Ճան):

Կիւվենին Դէմ Դատական
Երկրորդ
Հարց

Կիւվենի խնդրայարոյց խօսքերուն դէմ դատական երկրորդ գանգատ ալ կատարուեցաւ: Այս անգամ գանգատ ներկայացնողն էր թուրք գործարար մը` Ճիհանկիր Թեքճան, որ Անգարայի մէջ, իր փաստաբանին ընկերակցութեամբ, դատախազութեան յանձնեց գանգատի իր դիմումնագիրը:

Ճիհանկիր Թեքճան դիմումնագիրը յանձնելէ ետք մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց ու յիշեցուց, որ Ռեճեպ Կիւվեն պետական պաշտօնեայ է եւ ունի իր պատասխանատուութիւնները: Գանգատին տուն տուող գլխաւոր յայտարարութիւնն է` «Եթէ լերան վրայ սպաննուող ահաբեկիչին համար ալ չէք լար, այն ատեն դուք մարդ չէք» նախադասութիւնը:

Ճիհանկիր Թեքճանի համաձայն, այս նախադասութիւնը յանցագործութեան գովք է, նախատինք է խաղաղ հայրենակիցներուն հասցէին, նախատինք է նաեւ պետութեան, քանի որ այդ կերպով պետութիւնը կ՛ամբաստանուի սխալ ու անտեղի սպանդ կատարած ըլլալու մեղադրանքով: Ռեճեպ Կիւվեն իր վերի նախադասութեամբ կարծես ըսել կ՛ուզէ, որ յանցաւոր է ան, որ լեռ չի բարձրանար իր դատը պաշտպանելու համար, ըսուեցաւ դիմումնագրին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )