Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Կազայէն Իսրայէլեան Ռմբաձիգի Մը Ուղղութեամբ Հակաօդային Հրթիռ Մը Արձակուած Է
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ Կազայէն իսրայէլեան ռմբաձիգի մը ուղղութեամբ հակաօդային հրթիռ մը արձակուած է:
Օրաթերթը կը նշէ, որ արձակուած «Սթրելա Էս.Այ.7» տիպի հրթիռը իր թիրախէն վրիպած է: Օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ վեց տարիէ ի վեր գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ կը հաղորդէին, որ Համաս շարժումը Կազայի մէջ այդպիսի հրթիռներ ունի:
CATEGORIES Միջազգային

