Սապունճեան. «Պէտք Է Հիմնել Գիտական Եւ Ճարտարարուեստի Հետազօտութեան Միացեալ Կեդրոն Մը»
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ ԼԻՐԱ ծրագիրին շրջագիծին մէջ ստորագրեց համաձայնագիր մը նախարարութեան, համալսարանին եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ:
Այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ճարտարարուեստի նախարարութեան, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծել` ճարտարարուեստի յատուկ հետազօտութիւններ կատարելու առումով:
Համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով նախարար Սապունճեան ընդգծեց գիտական եւ ճարտարարուեստի հետազօտութեան միացեալ կեդրոն մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


