Կառավարութիւնը Վաւերացուց Վառելանիւթի Սակերու Բարձրացումը Կասեցնելու Այլընտրանքային Ծրագիրներ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 43 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ատնան Մանսուր, Նիքոլա Նահհաս, Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Սելիմ Քարամ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նշած է, թէ պետական նշանակումները երկրին մէջ հանգիստ մթնոլորտ մը ստեղծած են` մաղթելով, որ անոնք շարունակուին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին եւ կարելի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ ամբողջացնել բոլոր նշանակումները:

«Վարչապետ Միքաթի խստիւ մերժեց Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած գայթակղութիւնը` շեշտելով, որ խիստ կերպով պէտք է պատժուին թերացող կողմերը եւ մեղսակիցները, ինչպէս նաեւ պէտք է արագացնել դատական հոլովոյթը, որպէսզի կարելի ըլլայ բերման ենթարկել յանցագործները», ըսաւ Տաուք:

Վարչապետը կառավարութեան ներկայացուցած է նաեւ Քաթար կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` աւելցնելով, որ Քաթար վերատեսութեան պիտի ենթարկէ քաթարցիներուն Լիբանան այցելութեան մասին իր կատարած զգուշացումները:

«Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը վերանորոգած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր յանձնառութիւնը եւ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ  ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան իր կարգին վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործած իր ոտնձգութիւններուն: Իսկ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ առնուելիք որեւէ քայլ` ըլլայ անիկա քաղաքական, դիւանագիտական թէ ապահովական, պէտք է վայելէ ազգային համախոհութիւն», ըսաւ Տաուք:

Վարչապետ Միքաթի կառավարութեան ներկայացուցած է նաեւ Քոնկօ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` շեշտելով, որ ինք կոչ ուղղած է Քոնկոյի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն լիբանանեան դեսպանատուն ուղղուելու եւ արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն անոնց մասնակցութիւնը ապահովել:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ ներկայացուած վառելանիւթի սակերու բարձրացումը կասեցնելու այլընտրանքային ծրագիրները, որոնց մաս կը կազմէ 92 օքթան պենզինի ներածումը:

Տաուք դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ պուլտոզըրներ գնել` ձմրան ընթացքին ճամբաները փակող ձիւները մաքրելու նպատակով:

Ան նաեւ նշեց, որ կառավարութիւնը պետական գանձարկղէն առ հաշիւ գումարներ յատկացուցած է կրթութեան, ներքին գործոց եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարութիւններուն:

Նշենք, որ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախքան կառավարութեան նիստին գումարումը պատասխանելով «Այուպ» օդանաւին մասին հարցումի մը ըսաւ. «Հակառակորդ քաղաքական ուժերը Իսրայէլի ապահովական կայունութեան շատ աւելի յանձնառու են, քան իրենց ապահովութեան, իսկ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ ոտնձգութիւն կը գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES