Մոսկուայի Մէջ Բաղդասարեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Պորտիւժայի, Իվանովի Եւ Փաթրուշեւի Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուայի մէջ գտնուող Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան հանդիպում ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ:

Հանդիպման յաջորդեց «Հայաստանի Հանրապետութեան գործունէութիւնը ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ» խորագիրով «կլոր սեղանին» նիստը:

Պորտիւժայի հետ հանդիպումէն, ինչպէս նաեւ «կլոր սեղանի» նիստէն ետք ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն մը, որուն մէջ տեղ գտան ձեռք բերուած շարք մը համաձայնութիւններ:

Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Իվանովի հետ Արթուր Բաղդասարեանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, մասնաւորաբար` քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան ներկայ վիճակի եւ հետագայ խորացման հարցեր: Անդրադարձ  կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին:

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ: Անոնց դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու ներկայացուցիչներու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Մասնակիցները միտքեր  փոխանակեցին ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան առնչուող հարցերուն շուրջ:

Բաղդասարեան եւ Փաթրուշեւը բանակցութիւններէն ետք ստորագրեցին արձանագրութիւն մը, որուն մէջ ամրագրուած են ձեռք բերուած երկկողմանի համաձայնութիւնները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES