ՋԱՀԵՐԹ` ԴԷՊԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ԱՆՄԱՐ ԿՐԱԿ

23 ապրիլին Երեւանի «Ֆրանսա»ի հրապարակէն ընթացք առաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած ջահերթը` դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Աւանդական դարձած այս ջահերթը յարգանքի տուրք է հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ պահանջ` հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման:

Տասնեակ հազարաւոր անձեր միացան ջահերթին` եռագոյններով, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հատուցում պահանջող պաստառներով, ինչպէս նաեւ անմար ջահերով, հաստատ քայլերով ու կազմակերպուած շարքերով ուղղուելով դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ջահերով երթը հայ ժողովուրդի միասնականութեան խորհրդանիշն է, իսկ կրակը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ոգին եւ միութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր յաւերժական պայքարը:

«Մենք պէտք է սորվինք յարաբերիլ թուրքին հետ, անոր հետ խօսիլ հաւասարէ հաւասար: Մենք կարիքը չունինք թուրքին կեղծ ներողութեան, մենք իսկական հատուցում կը պահանջենք», ըսաւ Յովհաննիսեան: Ան հաստատեց, որ այս ջահերթը տարուէ տարի նաեւ տեղի կ՛ունենայ տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ` նշելով, որ ամէն տարի աւելի եւս պիտի ընդարձակուի անոր շրջագիծը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը հայութիւնը զրկեց մարդավայել կեանք ապրելու իրաւունքէն, իսկ Հայաստանի ներկայ վիճակին ժխտական կողմը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք է: Բայց հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պայքարիլ` նոր կարելիութիւններ ձեռք ձգելու եւ ապագան կերտելու համար:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Արթուր Ղազարեան այս առիթով յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով ջահերթին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Ան ըսաւ, որ իրենք կոչ պիտի ուղղեն Հայաստանի իշխանութիւններուն` «գերեզմանելու հայ-թրքական արձանագրութիւնները»:

«Հայ երիտասարդութիւնը իւրաքանչիւր տարուան երթէն կը քաղէ դասեր` նպատակ ունենալով կերտել միացեալ Հայաստան: Ամէն տարի անձրեւ կը տեղայ այս օրը, սակայն անիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ մասնակիցներու թիւին վրայ», հաստատեց Ա. Ղազարեան:

Նշենք, որ ջահերթեր տեղի ունեցան նաեւ Հայաստանի 13 քաղաքներու մէջ:

 

* Այս տարուան ջահերթին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 45 անդամներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES