Պասքեթպոլ. Փառատօնին Կը Մասնակցին 36 Խումբեր
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 22 հոկտեմբերին Երեւանի «Կրանտ Սպոր» մարզահամալիրին մէջ կը սկսի պասքեթպոլի փառատօն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 1998-99-ի ծնունդներու 36 խումբեր:
Մէջբերելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեանի խօսքերը` հայկական աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ այս փառատօնը պիտի տեւէ եօթը օր, իսկ մասնակցող խումբերը պիտի ըլլան Երեւան, Գիւմրի, Արթիկ, Սեւան, Աբովեան, Մասիս, Վանաձոր եւ Արցախ:
CATEGORIES Մարզական

