Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Լիբանան – Եմէն` 2-1
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Եմէնի:
Թէեւ հիւր կազմին 2-րդ վայրկեանին քորնըրէ մը ետք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-2 արդիւնքով, երբ Մոհամետ Հայտար նշանակեց Լիբանանի հաւասարութեան կոլը:
Բ. կիսախաղին, Ֆայեզ Շամսին ապահովեց Լիբանանի յաղթանակը, երբ նշանակեց դաշտին տիրոջ յաղթանակի կոլը:
CATEGORIES Մարզական

