50 Տարի Առաջ ( 18 Հոկտեմբեր 1962 )
Հայ Կեանք
Խաչիկ Պապիկեան Ֆրեզնոյի Մէջ
Քաղաքապետը Ֆրեզնոյի «Պատուոյ Քաղաքապետ»
Կը Յայտարարէ Իր Հիւրը Եւ
Գովեստով Կը Խօսի Հայերու Մասին
Ֆրեզնոյէն (Քալիֆորնիոյ, Ամերիկա) կը գրեն մեզի.-
Հոկտեմբեր 3-ին քաղաքս ժամանեց Լիբանանի խորհրդարանի հայ անդամ, նախկին նախարար եւ յայտնի իրաւաբան Խաչիկ Պապիկեան եւ արժանացաւ ազգային եւ պետական մեծ ընդունելութեան: Տեղական մեծ օրաթերթը` «Ֆրեզնօ Պի», որ մասնաւոր ներկայացուցիչ մը ղրկած էր օդակայան` դիմաւորելու համար Խաչիկ պապիկեանը, ոչ միայն արձագանգը եղաւ անոր ժամանման, այլ կենսագրական ընդարձակ տեղեկութիւններ տուաւ անոր մասին:
Հոկտեմբեր 4-ին Խաչիկ Պապիկեան պաշտօնական այցելութիւններ տուաւ պետական անձնաւորութեանց: Ֆրեզնոյի քաղաքապետին` Մէյըր իր այցելութեան առթիւ սիրալիր խօսակցութեանց ընթացքին քաղաքապետը յայտնեց իր գոհունակութիւնը հանդէպ իր համայնքին, յայտնելով, որ անոնք քաղաքի եւ շրջակայքի տնտեսութեան մէջ ո՛չ թէ միայն կարեւոր, այլեւ տիրական դիրք մը կը գրաւեն: «Աշխատունակ, ջանասէր եւ շինարար ժողովուրդ մըն է հայ ժողովուրդը եւ Ֆրեզնոյի տնտեսական վերելքին մէջ անոնց կատարած դերը` անուրանալի», ըսաւ քաղաքապետը: Այդ առթիւ քաղաքապետը, ի յարգանս հայ երիտասարդ քաղաքական մարդուն, Ֆրեզնոյի «Պատուոյ քաղաքապետ» յայտարարեց զինք:
Պետական մարդոց տրուած այս այցելութիւններէն յետոյ, Խաչիկ Պապիկեան ընկերակցութեամբ ընկ. Ալեք Փիլիպոսի, յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանին: Աւելի քան մէկուկէս ժամ սիրալիր տեսակցութիւն մը ունեցաւ յարգելի հիւրը ազգային բարերարուհիին հետ` անոր հիւրընկալ տան մէջ:
Խաչիկ Պապիկեան, Ալեք Փիլիպոսի Տրդատ Գազանճեանի ընկերակցութեամբ, կէսօրին այցի գնաց Մարտիրոս Փիլոյեանին, որ հիմնադիրներէն եւ ամէնէն գործօն անդամներէն մէկն է հայ կրթական հիմնարկութեան: Տէր եւ տիկին Փիլոյեանները իրենց տան մէջ պատուոյ սեղան մը սարքեցին ի պատիւ օրուան հիւրին:
Խաչիկ Պապիկեան մանրամասնօրէն ծանօթացաւ չամիչի արտադրութեան ճարտարարուեստին եւ հիացմունք յայտնեց` դիտելով Մարտիրոս Փիլոյեանի փեքինկ հաուզի կազմակերպութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէին անունով եւ Սան Ոգի հովիտի մէջ կոմիտէականի կազմակերպութեամբ ճաշասեղան մը տրուեցաւ ի պատիւ Խաչիկ Պապիկեանի «Քալիֆորնիըն» մեծ պանդոկի սրահին մէջ: Պատուոյ սեղանին շուրջ կը գտնուէին, բացի Խաչիկ Պապիկեանէն, Վահրամ վրդ. Եղիայեան, Սոֆիա Յակոբեան եւ Ալեք Փիլիպոս:
Ընթրիքէն ետք յարգելի հիւրը առաջնորդուեցաւ «Ասպարէզ» սրահը, ուր երկսեռ բազմութիւն մը եկած էր զինք ունկնդրելու եւ ծանօթանալու երիտասարդ պետական մարդուն: Ներկաներուն մէջ մեծ թիւ մը կը կազմէին երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնց ներկայութիւնը եւ ազգային հարցերու շուրջ ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը բացառապէս գոհունակութիւն պատճառեց Խաչիկ Պապիկեանին:
Զահլէի Օգնութեան Խաչի Կազմակերպած
Ներկայացումը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Զահլէի մասնաճիւղը եւս, տեղւոյն ՀՄԸՄ-ին սարքած պարահանդէսէն ետք, կազմակերպած էր 7 հոկտեմբեր 1962-ի կիրակին Սինէ Տիւնիայի մէջ թատերական շքեղ ներկայացում մը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած էր «Քուլիսական թատերախումբ»-ը, որ ժամանակէն առաջ հաւաքուած ընտիր հասարակութեան մը առջեւ բեմադրեց «Շատերէն մէկը», ընտանեկան յուզիչ դրուագ մը, վերցուած մերօրեայ պոլսական իրական կեանքէ, հեղինակութեամբ Յակոբ Այվազի, որ ցարդ կը խմբագրէ «Քուլիս» թատերական եւ գեղարուեստական երկշաբաթաթերթը աւելի քան 16 տարիներէ ի վեր:
Նիւթը կը ներկայացնէր.- Տգիտութեան խօլ պայքարը` ընդդէմ զարգացումի եւ մշակոյթի սիրահար երկու հակառակ նկարագիրներու, ինչպէս նաեւ խաբուած ազնուահոգի ամուսինի մը տուայտանքները, հոգեկան վերիվայրումները ու ահաւոր վիշտը ի լուր եւ տես անասելի ծածուկ պատահարներու:
Դերակատարները` լաւ ուսումնասիրած ըլլալով կերպարները, երկու ժամ առինքնեցին բոլոր ներկաները իրենց հարազատ խաղարկութեամբ: Ուշագրաւ խաղարկութեամբ յիշատակութեան արժանացան օր. Սոնիա Օրջանեան, Դ. Էվէրէկլեան, Մ. Օրջանեան, Գ. Փանոսեան:
Մթնոլորտը շէնցնելու կոչուած էր «Կոտրած հայելին» զաւեշտախաղը, որուն պատասխանատուն էր Պ. Յ. Տելլալեան, հերոսուհին` օր. Ս. Մինասեան, Յ. Ոսկերիչեան, Մ. Ճապրայեան:
Յետ ներկայացման, դերակատարներն ու դերակատարուհիները շրջապատուած Զահլէի պատասխանատու ընկերներով եւ Օգնութեան Խաչի վարչութեան տիկիններով առաջնորդուեցան ՀՄԸՄ-ի ակումբը, ուր հիւրասիրուեցան եղբայրական ջերմ մթնոլորտ մը յառաջացնելով:
ԹԱՏԵՐԱՍԷՐ

