Մնա՞լ, Թէ՞ Լքել Հայրենիքը…

ԹԱԳՈՒՀԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Բժիշկներ, ճարտարագէտներ,տնտեսագէտներ, մանկավարժներ, նոյնիսկ… սպաներ: Պետութեան մտաւոր կորիզը կը լքէ երկիրը` գերադասելով ապրիլ ու աշխատիլ Ռուսիոյ ծայրամասերուն մէջ: Անոնք կը նախընտրեն Ռուսիա մեկնիլ եւ մշտական բնակութիւն հաստատել այդ երկրի նոյնիսկ ծայրամասերուն մէջ` Հայաստանին մէջ գործող Ռուսիա արտագաղթի դաշնային ծառայութեան «Հայրենակիցներ» կոչուող ծրագիրով:

Ծրագիրը արդէն 6 տարի է` պետութեան լուռ գիտութեամբ կը կազմակերպէ հազարաւոր հայերու օրինական արտագաղթը: «Հայրենակիցներ» արտագաղթի պետական ծրագիրը 2006-ին մշակած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ըստ մասնագէտներու, արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներու վերաբնակեցման ծրագիրով Ռուսիան կը փորձէ լուծել իր ժողովրդագրական խնդիրները:

Ռուսիան վերաբնակիչները ընդհանրապէս կը տեղաւորէ ծայրամասային բնակավայրերուն մէջ, ուր բնակչութիւնը նօսր է: Կ՛ընտրուին դիմումները այն քաղաքացիներուն, որոնք կը համապատասխանեն «Հայրենակիցներ» սահմանումին: Ըստ այնմ, «հայրենակիցը» ան է, որ կը կրէ Ռուսիոյ մշակոյթն ու աւանդոյթները, կը խօսի ռուսերէն: Ցանկալի է,որ քաղաքացին ոչ թէ միայնակ երթայ Ռուսիոյ այս կամ այն երկրամաս, այլ` ընտանիքով: Ծրագիրի պահանջները բաւարարող քաղաքացիին կը տրուին ռուսական անձնագիր, ճանապարհածախսի փոխհատուցում, բնակութեան վայրի մէջ աշխատանք չունենալու պարագային` ամսական նպաստ եւ այլն:

Այսօր Հայաստանէն մեկնողներուն մասին պաշտօնական վիճակագրութիւնը կցկտուր թիւեր կը յայտնէ, անոնք անհամեմատ փոքր են Գիւմրիի եւ Երեւանի արտագաղթի ծառայութիւններուն մէջ եւ անոնց մասնաճիւղերուն մէջ գոյացող հերթերուն համեմատ: Միայն Երեւանի արտագաղթի ծառայութեան մէջ օրական 50-է աւելի դիմում կը լրացուի:

Աշխատանքային օրուան առաւօտ մը այցելեցի Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտագաղթի դաշնային ծառայութիւն: Հաւաքուած հոծ բազմութիւնը ներս կ՛առնէր ռուսական իշխանութիւններուն մշակած «աղանդաւորական սիանս»-ը: Ներկայ ըլլալով այդ սեմինար-խորհրդատուութեան` առաջին հայեացքէն տպաւորութիւն ստացայ, թէ իբր թէ Ռուսիան զիս դրախտ պիտի ուղեկցի, ուր իմ մասիս պիտի հոգան ՌԴ արտագաղթի ծառայութեան «պահապան հրեշտակները»: Իսկ այդ դրախտը, պարզուեցաւ, որ կը գտնուի Ռուսիոյ ծայրամասերուն մէջ, օրինակ` Ալթայի երբեմնի աքսորավայրերուն մէջ:

Հաւաքուածները տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ էին: Այս յուսալքուած զանգուածը արտագաղթի մղած էին նիւթական դժուարութիւններն ու հանապազօրեայ հացի փնտռտուքը: Անոնցմէ շատեր կ՛երազէին ժամ առաջ հեռանալ երկրէն:

22-ամեայ Աննան առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանար արտագաղթի ծառայութիւն` ծրագրին մասնակցելու բուռն ցանկութեամբ: Ինծի հետ զրուցելու ընթացքին անկեղծացաւ. «Հերթական անգամ հիասթափուեցի իմ երկրից. երբեւիցէ չէի պատկերացնի, որ այսքան շատ մարդ կը տեսնեմ այստեղ»: Մասնագիտութեամբ մանկաբարձ կին մը պատմեց, որ երեխաներուն հետ պիտի մեկնէր ամուսինին մօտ. «Ես իմ մասնագիտութեամբ այստեղ հազիւ եմ գոյատեւում, երեխաս առողջական լուրջ խնդիրներ ունի, բուժման համար ահռելի ծախսեր են հարկաւոր: Այնտեղ ինչ գործ էլ լինի կ՛անեմ, միայն թէ երեխաս ապաքինուի»: Ճարտարագէտ տղամարդ մըն ալ նշեց, որ Հայաստանի մէջ դժուար է աշխատանք գտնել, իսկ ՌԴ-ի մէջ, յոյս ունի, որ կը գնահատեն իր աշխատանքը. «Քաղաքը դեռ չեմ ընտրել, բայց որտեղ էլ լինեմ, մէկ է, միայն թէ աշխատանք ունենամ»:

Նորեկները հերթագրուեցան ծառայութեան համար, զիրենք կ՛ընդունին դեկտեմբերի վերջը, քանի որ բաւականաչափ հերթ գոյացած է, իսկ գիւմրեցի երիտասարդ մը գոհ եւ ուրախ ելաւ ծառայութենէն` գործը եղած էր: «Վերջապէս ստացուեց, մի ամիս է գնում-գալիս էի: Մեզ մօտ` Գիւմրիում, յայտը ձեռագրով սխալ էին գրել, ստիպուած` ձգձգուեց: Հիմա արդէն կարող եմ գնալ Կուրսկ: Ռուսաստանը հայերին նման հնարաւորութիւն է ընձեռել, ինչո՞ւ չօգտուեմ որ»:

Համաձայնեցէք, որ «Հայրենակիցներ»-ը Ռուսիոյ ժողովրդագրական խնդիրներուն լուծման համար հիանալի ծրագիր է: Իսկ թէ ի՞նչ հետեւանքներ կ՛ունենայ այդ ծրագիրը խիստ ծերացող երկիրներուն շարքին դասուող Հայաստանի համար, առ այժմ մեր պետութիւնը այդ հարցով չէ մտահոգուած:

Մեզի հետ զրոյցին Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան արտագաղթի պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեանը «Հայրենակիցներ»-ը համեմատեց ամերիկեան «Կրին քարտ» ծրագիրի հետ: «Հայրենակիցներ»-ը անցանկալի երեւոյթ է: Այլ բան է, երբ գնում են երկրից` վերադարձի պայմանով եւ այլ բան, երբ այլեւս չեն վերադառնում: այն ՌԴ-ի կողմից հաստատուած ծրագիր է եւ մեզ հետ որեւէ առնչութիւն չունի»,- ըսաւ ան: Իսկ թէ ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ պետութիւնը այդ «անցանկալի երեւոյթը» կանխելու համար, արտագաղթի պետական ծառայութեան պետը զարմացնող պատասխան տուաւ. «Ես պետութիւն չեմ, որ զբաղուեմ այդ խնդրով»:

ՌԴ նախագահի կողմէ հաստատուած ծրագիրը օրըստօրէ կը մաքրէ մեր երկիրը մեզմէ: Անոնք, որոնք մեր հայրենիքի անմիջական կառուցողներն են, այսուհետեւ կը դառնան օտարի հայրենակիցը, կը շէնցնեն օտարին երկիրը: Զանոնք այսօր միայն մէկ հարց կը տանջէ` մնա՞լ, թէ՞ լքել հայրենիքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES